ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Մարտին, կէսօրուան ժամը 1ին, «Արցախգազ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ արկածի մը պատճառով վնասուեցաւ հիմնական, մայր կազատար խողովակաշարը, որ Հայաստանէն Արցախ կազ կը մատակարարէ։ Վնասուած կազատարը Լիսագորի հատուածին մէջ է։
Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դէպքը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանական դիրքին մօտ, իսկ ատրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ վերանորոգման աշխատանքներուն սկսիլը: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններ տարուեցան, որպէսզի կարելի ըլլայ 9 Մարտին աշխատանքներու սկսիլ։
«Արցախգազի» ծառայութեան հեռաձայնը չի լռեր, արցախցիները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ե’րբ կազ պիտի ունենան։ Արդարեւ, 7 Մարտէն սկսեալ, Արցախի բոլոր բնակավայրերը զրկուած են կազէն:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան այս մասին գրած է հետեւեալը.
«Արցախում գազի վթարի առնչութեամբ այս պահին կայ առնուազն 4 հաստատուած փաստ`
«1) Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքը զրկուած է գազից այսօր գիշերուանից` ժամը 1ից սկսած.
«2) Վթարը Շուշիի շրջանի այն հատուածում է, որն ադրբեջանական վերահսկողութեան ներքոյ է.
«3) Ադրբեջանական կողմը խոչընդոտում է եւ թոյլ չի տալիս, որպէսզի «Արցախգազ» ընկերութեան մասնագէտները վերացնեն վթարն ու վերականգնեն գազամատակարարումը.
«4) Ադրբեջանական կողմը չի տրամադրում որեւէ բացատրութիւն գազամատակարարման դադարեցման կամ վթարի պատճառների մասին:
«Ակնյայտ է, որ գազի մատակարարման դադարեցումով մարդասիրական լուրջ խնդիրներ են առաջանալու, իրաւունքների զանգուածային խախտումներ Արցախի ողջ բնակչութեան` աւելի քան 100,000 մարդու համար:
«Ադրբեջանական զինուած ծառայողների կողմից գազամատակարարման վերականգնման աշխատանքների խոչընդոտումը եւ բացատրութիւններ չտրամադրելն ակնյայտ նշանակում է յանցաւոր դիտաւորութիւն, ահաբեկչական արարք 100,000ից աւելի մարդու նկատմամբ:
«Սա ադրբեջանական հայատեացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութեան ակնյայտ դրսեւորում է, որ ապացուցում է խաղաղութեան մտադրութիւնների բացակայութիւնը ադրբեջանական իշխանութիւնների մօտ եւ ադրբեջանական ցեղասպան քաղաքականութիւնը Արցախի նկատմամբ:
«Նշուած փաստերը հաստատել են Արցախի Մարդու իրաւունքների պաշտպանը եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը»: