Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն, Հայաստանը ներկայացնող պաշտօնատարներ, իբրեւ լուծումի տարազ,շեշտը արդարացիօրէն կը դնեն ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին վրայ: Ազգային ինքնորոշումը, որ ամրագրուած է Ֆրանսայի առաջին սահմանադրութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Հռչակագիրին մէջ, ժողովուրդներուն կը վերապահէ իրենց պատմական, աշխարհագրական, մշակութային, կրօնական աւանդութիւններուն հարազատ ճանապարհ:Ազգային ինքնորոշումը միաժամանակ եղած է ու կը շարունակէ մնալ ձեւաւորուող որեւէ պետականութեան հիմքը :
Ազգերու ինքնորոշման եւ ազատութեան գաղափարով առաջնորդուեցան 19-րդ դարու եւրոպական ցամաքամասի յեղափոխութիւնները: Միջազգային փոխյարաբերութիւններու մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակի սկսաւ օգտագործուիլ ազգերու ինքնորոշում եզրը:
Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը նաեւ արծարծուեցաւ Պերլինի խորհրդաժողովի ընթացքին՝ 1878: Լոնտոնի մէջ, 1896-ին կայացող Երկրորդ Միջազգայնականը՝ ազգերու ինքնորոշումը ընդունեց իբրեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն արդար իրաւունք: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, ազգերու ինքնորոշման սահմանումը ստացաւ նոր իմաստ եւ խորք: Ան վերահաստատուեցաւ իբրեւ միջազգային իրաւունքի սկզբունք եւ ներառնուեցաւ ՄԱԿ-ի սահմանադրութեան մէջ՝ համընդհանուր խաղաղութիւնը ամրապնդելու կարեւոր ընտրանքներէն մէկը:
Ատրպէյճան, հասկնալի պատճառներով կը մերժէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքորոշման իրաւունքը ճանչնալու փաստը: Ընդհակառակը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պետականութեան իրողութիւնը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ոտնահարում: Քայլ մըն ալ յառաջ երթալով, ատրպէյճանցիները դիտել կու տան, թէ հայ ժողովուրդը՝ անկախացած Հայաստանով, արդէն իսկ արտայայտած է իր ինքնորոշումը: Պաքուի կարծիքով, Ղարաբաղի հայերը առաւելագոյնը՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ կրնան ստանալ ինքնորոշման իրաւունք:
Միջազգային օրէնսդրութիւնը, ՄԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հռչակագիրները սպառիչ բացատրութիւններ եւ գնահատականներ կու տան ժողովուրդներու ինքորոշման իրաւունքներուն մասին: Անոնք միահամուռ կը զգուշացնեն՝ ձեւաւորուող պետութիւններու աշխարհագրական տարածութիւնները պէտք չէ դառնան ուժի, սպառնալիքի կամ բռնակցումի հետեւանք..: Միջազգային ընտանիքին համար դատապարտելի կը մնան այն պետութիւնները, որոնք տարբեր ճանապարհներ օգտագործելով, թշնամական քայլերու կը դիմեն, ուղղուած՝ մէկ այլ պետութեան կամ երկրի ազգային միասնականութեան, տարածքային ամբողջականութեան դէմ:
Իրաւական տուեալներու քննութեան չեն դիմանար ազերիական հողեր ներխուժելու մասին, Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական ամբաստանութիւնները:Տասնամեակներ շարունակ քաղաքական, ցեղային, կրօնական եւ ազգային խտրականութեան ենթարկուած Ղարաբաղի ժողովուրդը իր բիւրաւոր նահատակներուն արեամբ վերականգնեց իր պատմական իրաւունքները…:
Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը միշտ ալ եղած են Հայաստանի անբաժան մասը: Սակայն, նախորդ դարու քսանականներուն, Կովկասի մէջ, ռուս-քեմալական ռազմա-քաղաքական շահերուն զոհ դառնալով, անոնք բռնակցուեցան Ատրպէյճանին: Հայ ժողովուրդին դէմ դաւադրութեան այս իրողութիւնը, ինքնաբերաբար կը չքացնէ հողային ամբողջականութեան թէզին կառչելու Ատրպէյճանի պատճառաբանութիւնները: Հայ-ազերիական բանակցութիւններու ընթացքին, ոչ միայն անհրաժեշտ է յենիլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին, այլեւ՝ շեշտել Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը բռնախլուած հող ըլլալու իրողութիւնը: Հողային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը կամ տարածքային անձեռնմխելիութեան սկզբունքը նոյնքան եւ աւելի հայ ժողովուրդին վերապահուած իրաւունք է, քան՝ Ատրպէյճանին: Պատմականօրէն, Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը երբեք մաս չեն կազմած Ատրպէյճան կոչուող պետութեան, որ միայն քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին, թուրք-գերմանական, թուրք -բրիտանական դաւադրութիւններու գնով առաջին անգամ երեւցած է Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ:
Յատկանշական է, որ վերջին ամիսներուն, պաշտօնական Ռուսիա՝ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջոցով, քանիցս կ’անդրադառնայ Սթալինի ժամանակաշրջանին գործուած սխալներուն: Յատկապէս՝ Խրիմի ինքնորոշման հանրաքուէի օրերուն, ուր Խրիմի բնակչութիւնը յստակօրէն կ’արտայայտէր Ռուսիոյ միանալու իր կամքը: Ինքնորոշման օգտին քուէարկողներու (93 առ հարիւր) բացայայտ համեմատութիւնը, յստակ պատգամ մըն էր ուղղուած Արեւմուտքին դէմ՝ թէ Խրիմի ժողովուրդը ի վերջոյ կրնար պարտադրել իր կամքը, ինչպէս՝ ղարաբաղցիները:
Խրիմի անկախացումը շատ անուղղակի,սակայն դիպուկ առիթ մը ընծայեց վերագնահատելու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին ուժը: Քաղաքական գետնի վրայ բացաւ արդար ակնկալութեան մը դուռը, որ Ռուսիա՝ Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ եւ Խրիմի օրինակով, միեւնոյն դրսեւորումը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով:
Փակագիծ մը բանալով, մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, թէ Խրիմի շուրջ Արեւմուտք- Ռուսիա դիւանագիտական զարգացումներու օրերուն, Թուրքիոյ վարչապետը Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու (ներկայիս՝ նախագահ եւ վարչապետ) քանիցս յիշատակեցին Խրիմի թաթարներուն իրաւունքներուն մասին քանի մը հարիւր տարուան վաղեմութիւն ունեցող համաձայնագիրներու առկայութիւնը: Այնքան ալ պատահական եւ միամիտ չէին թրքական «վերյիշեցումները»: Մոսկուայի հակահարուածները չուշացան: Խրիմը Ուքրանիոյ կազմին մէջ մնալու պարագային, ՆԱԹՕ անմիջապէս՝ անդամակցութեան լայն բազկաթոռ մը պիտի նուիրէր Քիեւին, որովհետեւ Սեւ Ծովը անմիջականօրէն պիտի իյնար Արեւմուտքին եւ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ազդեցութեան տակ: Այս շրջադարձին քաղաքական, տնտեսական հետեւանքները աղիտալի պիտի ըլլային նաեւ Հայաստանի համար…:
Ինքորոշման իրաւունքը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար ազատութեան, ապահովութեան եւ հաւասարութեան պայմաններու մէջ ապրելու սկզբունք է: Ատրպէյճանին կը մնայ հաշտուիլ ստեղծուած իրավիճակին հետ եւ հրաժարիլ իր ապօրէն պահանջներէն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ