ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդները՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները, Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Այդ հանդիպման մասին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ ըսաւ, որ Քրաքովի հանդիպման ընթացքին առաջադրուած կարծիքներուն հիման վրայ, համանախագահները Ալիեւի հետ քննարկումներ կատարած են հակամարտութեան կարգաւորման գծով:
Ան աւելցուց, որ կողմերը համաձայնած են առկայ առաջարկներուն եւ կարծիքներուն հիման վրայ աշխոյժ բանակցութիւնները շարունակելու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք եւս։
Յիշեցնենք, որ համանախագահները այսօր՝ Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին պիտի ժամանեն Երեւան, իսկ Շաբաթ, 10 Փետրուարին պիտի այցելեն Ստեփանակերտ: