Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերուն Մէկ Մասը Հեռացած Է Հայաստանի Տարածքէն. ՊՆ

May 25, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Border situation unchanged, negotiations with Azerbaijani side to resume at 2 pm – Armenia MoD

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրականացուած սադրանքներէն ետք ստեղծուած իրադրութիւնը, 23 Մայիսի կէսօրուան դրութեամբ, համեմատաբար կայուն է, դէպքեր չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ)։

Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ 22 Մայիսի երեկոյեան, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու՝ Հայաստանի տարածքը ներթափանցած անձնակազմին մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքերը: Մամուլով շրջան ընող այն տեղեկութիւնը, թէ «Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճին մօտ, առաւել քան 1000 ատրպէյճանցի զինուորականներ կան», չի համապատասխաներ իրականութեան:

Ըստ աղբիւրին՝ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները բոլորովին կը վերահսկեն իրադրութեան` շարունակելով արգելափակուած պահել ատրպէյճանցի զինուորները:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ մեկնաբանեց Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը, որուն մէջ Եւրոպական խորհրդարանը յստակօրէն կը մատնանշէ, որ 12 Մայիսին՝ ներթափանցելով Հայաստանի տարածքը, Ատրպէյճան ոտնահարած է միջազգային իրաւունքը եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ըստ նախարարութեան՝ այս ծիրին մէջ յատկապէս մտահոգիչ որակուած են ատրպէյճանցի ներկայացուցիչներու, ներառեալ` նախագահի մակարդակով կատարուած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը բարձրացուին տարածքային պահանջներ եւ ուժի կիրարկումի սպառնալիքներ, զորս Եւրոպական խորհրդարանը կ՛որակէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղուած ջանքերու վտանգում:

Նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ Եւրոպական խորհրդարանին այս բանաձեւը անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ ուժի կիրարկումով կարելի չէ լուծել ղարաբաղեան տագնապը եւ Արցախի ժողովուրդը զրկել իր անքակտելի իրաւունքներէն, այդ կարգին` ինքնորոշման իրաւունքէն:

Previous Post

Թուրք Պատմաբան Ճանտան Պատեմի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Լեհաստանի Մէջ

Next Post

Լաւրով Լաւատես Է Հայ-ռուսական Յարաբերութիւններուն Ապագայով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.