ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ցարդ հայկական կողմէն զոհուած են 50 քաղաքայիններ եւ առնուազն 148 ուրիշներ վիրաւորուած են: Լուրը կը հաղորդէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը:
Ատրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով վնասուած են 19 հազար անշարժ եւ շարժական գոյքեր:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան եւս անդրադարձաւ այս հարցին՝ դիտել տալով, որ Ատրպէյճանի նպատակն է Արցախին հասցնել կարելի եղածին չափ շատ վնաս` առաջնահերթ նաեւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Ըստ անոր՝ վերջիններուն ուղղութեամբ արգիլուած զինատեսակներով զինուած յարձակումները ունին թիրախային բնոյթ:
«Այս ամէնի հետեւում պէտք է յստակ հասկանալ, վերլուծել, գտնել իրական դրդապատճառները, իրական մտադրութիւնները: Նախ պէտք է հաշուի առնել հետեւեալ գործօնները` թիրախային զինուած յարձակումները խաղաղ բնակավայրերի նկատմամբ, զինուած յարձակումներն արգելուած զինատեսակներով: Մասնաւորապէս, եթէ սկզբում խօսքը միայն կասետային զինատեսակների մասին էր, ապա հիմա արդէն` քիմիական տարրեր պարունակող, զանգուածային ոչնչացման զէնքի օգտագործման մասին է: Ակնյայտ է մտադրութիւնը` արգելուած զինատեսակներով էլ աւելի մեծ վնաս հասցնել խաղաղ բնակավայրերին: Այդ յարձակումները կրում են հէնց թիրախային բնոյթ», յայտնեց Թաթոյեան: