ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- 8 Ապրիլին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով զինուորական ուժերու հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ գումարեց երկրի զօրավարներու միացեալ ժողով մը, որուն մասնակցեցան նաեւ պաշտպանութեան փոխնախարարները, զօրքերու եւ զօրատեսակներու հրամանատարները, գլխաւոր վարչութիւններու եւ նախարարութեան տարբեր ծառայութիւններու ղեկավարները:
Պաշտպանութեան նախարարը համապատասխան պաշտօնատարներուն յանձնարարեց ռազմափորձերուն յաճախականութիւնը աւելցնել՝ ըստ մարտական պատրաստուածութեան ծրագիրին, «յատկապէս գիշերային ժամերուն, այնպիսի պայմաններու եւ վայրերու մէջ, որոնք առաւելապէս կը համապատասխանեն մարտականին», ինչպէս նաեւ բարձրացնել անձնակազմի մարտական պատրաստուածութեան եւ ստորաբաժանումներու մարտունակութեան մակարդակը:
Հասանով ընդգծեց, որ նշեալ ծրագիրին համաձայն՝ իրականացող բոլոր զօրավարժութիւնները նպատակ ունին լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պետ, գնդապետ Վաքիֆ Տարկեահլի, մեկնաբանելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի այն արտայայտութիւնը, թէ Պաքուի ղեկավարութիւնը երկրին բանակը պէտք է պատրաստէ խաղաղութեան՝ յայտարարեց, թէ միայն Ատրպէյճանի «հողերը բռնագրաւումէ ազատագրելէ ետք, բանակը կրնայ մտածել խաղաղութեան մասին»։ «Ներկայ պայմաններուն մէջ ատրպէյճանական բանակը պատրաստ է ոչ թէ խաղաղութեան, այլ պատերազմի», աւելցուց ան։