ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 26 Յուլիսին, ժամը 3:30-ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը նշեց, որ հայկական կողմէ տուժածներ չկան:
Ըստ նախարարութեան՝ նոյն օրը՝ ժամը 11:30-էն սկսեալ, հակառակորդը հրադադարը խախտեց նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, մասնաւորապէս` Երասխի ուղղութեամբ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը դիմեց հակազդող գործողութիւններու։