ԱՆՈՆՔ ՆՈՐ ԶՕՐԱՄԱՍ ԿԸ ԲԱՆԱՆ ԱՂՏԱՄԻ ՄԷՋ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».- 16 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դիմեցին հակազդող գործողութիւններու:
Հայկական կողմէ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան նոր զօրամաս կը բանայ Աղտամի մէջ՝ երրորդը վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ նոն հաղորդագրութեան՝ «մարտական հերթապահութիւնը եւ զօրքերու ծառայութիւնը բարձր մակարդակով կազմակերպելու նպատակով, Աղտամի մէջ օգտագործման յանձնուած է համաչափական հերթական զօրամասը, որ յագեցած է ժամանակակից սարքաւորումներով»:
Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ 44օրեայ պատերազմի աւարտէն ի վեր, Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններուն մէջ ընդհանուր առմամբ 20 նոր զօրամասեր բացուած են: