ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանցիները «Թելեկրամ»ի իրենց ալիքով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր հրապարակած են Արցախի բռնագրաւուած Հադրութ քաղաքէն, ուր կ՛երեւի, թէ ներկայիս ի՛նչ վիճակի մէջ է հայկական քաղաքը:
Թշնամին Հադրութի յայտնի եռագոյն քարին մօտէն, զոր ներկած են իրենց դրօշակի գոյներով, հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կը ծաղրէ Wargonzo նախագիծի հեղինակ Սեմէոն Փեկովը, որ պատերազմի օրերուն Արցախ կը գտնուէր: Փեկով Հոկտեմբերի առաջին կիսուն, Հադրութէն տեսանիւթեր կը հրապարակէր եւ ցոյց կու տար, որ ատրպէյճանցիներուն այն պնդումները, թէ քաղաքը իրենց տիրապետութեան տակ է, սուտ է: Հադրութի յայտնի քարը կը գտնուի քաղաքի մուտքի մօտակայքը, որ առաւել յայտնի դարձաւ պատերազմի օրերուն, երբ կ՛երեւէր, որ այդ քարին մօտակայքէն հայերը կը կռուէին թշնամիին դէմ:
Պատերազմի աւարտէն շաբաթներ ետք, թշնամին բարձրացած էր այդ քարին վրայ, մուղամ կ՛երգէր ու շնորհակալութիւն կը յայտնէր Նիկոլ Փաշինեանին:
Ատրպէյճանցիներուն տեսանիւթերէն կ՛երեւի, որ քաղաքը յետ-պատերազմական վիճակի մէջ է, այսինքն՝ աւերուած: Ատրպէյճանցիները արդէն հոն բացած են խանութներ, նամակատար սպասարկութեան բաժանմունք եւ «Երկաթեայ բռունցք» կոչուող արձանը: