ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանցիները քաշուեցան Շուշիի շրջանի Եղցահող գիւղի յենակէտերէն, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գրիշա Յովհաննիսեան:
«Այսօր առաւօտեան գնացել են, տեսել ենք, որ արդէն վրանները չկան, հետ են քաշուել իրենց բազա», նշեց ան։
Եղցահողը, որ Բերդձորէն Շուշի ինկած հատուածին մէջ կը գտնուի, 44օրեայ պատերազմէն ետք մնացած էր հայկական վերահսկողութեան տակ: Համայնքապետ Արտակ Յակոբեան երկու օր առաջ «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ատրպէյճանական զօրքերը տակաւին չեն քաշուած իրենց դիրքերը գիւղի սահմաններէն, մինչդեռ հայկական կողմը, հետեւելով երկկողմանի պայմանաւորուածութեան, արդէն դուրս բերեւ իր զինուորները այդ տարածքէն, իսկ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար Էդուարդ Ասրեան իր կարգին պնդեց, որ հայկական զօրքերը չեն քաշուած որեւէ դիրքէ:
Գրիշա Յովհաննիսեան 19 Օգոստոսին ըսաւ նաեւ, որ իրավիճակը բնական է Եղցահողի մէջ։ «Ժողովուրդն ապրում է, 140 բնակիչ կայ այնտեղ ապրող: Ռուսական ուղեկալները հերթապահութիւն են կատարում, բայց դէ փաստօրէն նորմալ է, միջադէպ չի գրանցուել առայժմ: Ենթակառուցուածքները նորմալ աշխատում են», ըսաւ Յովհաննիսեան: