ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վերջերս, ատրպէյճանցի եւ իրանցի զինուորականներու միջեւ գործակցութիւնը զգալի դարձած է։
Ատրպէյճանցի զինուորականներ Իրանի մէջ կը մասնակցին արձակազէններու մրցումի: «ԱՊԱ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ անոնք յաջողութեամբ կատարեցին փորձառական կրակի արձակումը։
Իրանի զինուած ուժերու մասնագէտներու խումբը, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կազմակերպչական աջակցութեամբ՝ այցելեց Թարթառի եւ Բարդայի շրջանները: Անոնց հետ էին նաեւ Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանութեան աշխատակիցներ:
Իրանեան պատուիրակութեան Ատրպէյճան այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 Օգոստոս։