ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»,- Իրան եւ Ատրպէյճան ստորագրեցին յուշագիր մը՝ Իրանի տարածքով անցնող եւ Նախիջեւանը այսպէս կոչուած՝ «Արեւելեան Զանգեզուր»ի տնտեսական գօտիին միացոնղ հաղորդակցութեան նոր կապերու ստեղծման վերաբերեալ, կը հաղորդէ «Քաքըսըս Ուաչ»ը:
Արցախի 75 առ հարիւրին բռնագրաւումէն ետք, Ատրպէյճան Կովսականի, Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջանները յայտարարեց «Արեւելեան Զանգեզուր»` հետագայ նկրտումներ որդեգրելով նաեւ Սիւնիքի նկատմամբ, որ ըստ իրենց, «Արեւմտեան Զանգեզուր»ն է:
Փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ 12 Մարտին, Պաքուի մէջ` Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի եւ Իրանի ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոսթամ Քասեմիի կողմէ:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի ղեկավարին` Անգարա կատարած այցելութեան ընթացքին, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա համաձայնեցան արագացնել Նախիջեւանէն Կարս երկաթուղիի կառուցման աշխատանքները, «ինչ որ արդէն անիմաստ եւ երկրորդական պիտի դարձնէ Գիւմրիէն Կարս ուղին»: