ՊԱՔՈՒ, «Էյ․Փիի․Էյ․»․- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդոց, թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիրին համապատասխան՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի պիտի ունենան լայնածաւալ ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին երկու երկիրներու ցամաքային եւ օդային ուժերը:
Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին զօրախումբեր, զիրուորական կառքեր, հրետանային միջոցներ եւ ականանետներ, ինչպէս նաեւ ռազմական օդուժ եւ երկու երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:
Ծրագիրին համաձայն` ցամաքային ուժերու զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան 1-5 Օգոստոս, Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ, իսկ օդուժին մասնակցութեամբ զօրավարժութիւնները`29 Յուլիսէն 10 Օգոստոս՝ Պաքուի, Նախիջեւանի, Գանձակի, Քիւրտամիրի եւ Եւլախի մէջ։