ԵՐԵՒԱՆ. «Սփութնիք Արմէնիա».- Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը 15-էն 18 Մարտի միջեւ լայնածաւալ մարտավարական ռազմափորձեր պիտի կատարեն, կը հաղորդէ երկրին պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին մինչեւ 10.000 զինուորներ, շուրջ 100 հրասայլեր եւ այլ զրահապատ սպառազինութիւն, մինչեւ 200 զանազան տրամաչափերու հրթիռահրետանային եւ համազարկային կրակոցի համակարգեր, մինչեւ 30 ռազմական օդանաւեր, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Ռազմափորձերը պիտի կատարուին դժուարանցանելի լեռնային եւ անտառապատ վայրերու մէջ:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ռազմափորձերուն ընթացքին հակաահաբեկչական գործողութիւններ պիտի մշակուին: