Ատրպէյճան կը փորձէ կրօնական երանգ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ այդպիսով առաւել կը բարդացնէ իրավիճակը շրջանին մէջ: Այս մասին, «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան՝ խօսելով Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի կոչին մասին, թէ իսլամները պէտք է միաւորուին արցախեան տագնապի լուծման համար:
Դաւիթ Բաբայեան նշեց, որ Ատրպէյճանը իսլամական երկիրները կը փորձէ ներգրաւել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ՝ անոր կրօնական երանգ հաղորդելու համար, իսկ ատիկա վտանգաւոր է:
«Կրօնական երանգ հաղորդելը չ՛արտացոլեր տագնապին էութիւնը: Անիկա երբեք չէ եղած կրօնական տագնապ: Ասիկա վտանգաւոր է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ երկիրներու մէջ ծայրայեղականութիւններ կը ծնին: Կան բազմաթիւ ահաբեկչական խմբաւորումներ, կազմաւորումներ, որոնք նոյնիսկ իրենց անունին մէջ կը կիրարկեն կրօնական բովանդակութիւնը, բայց բնական է, որ անոնք կապ չունին կրօնքին հետ, իսլամին հետ», ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը:
Ըստ Բաբայեանի՝ Փաշազատէի միջոցով Ատրպէյճան կը փորձէ կրօնական երանգ հաղորդել տագնապին եւ այդպիսով ալ աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը շրջանին մէջ, որ ահաբեկչութեան դրսեւորում է:
Ան յայտնեց, որ ամէն պարագայի, իսլամական երկիրները, բացառութեամբ մէկ-երկու երկրէ, դժուար թէ արձագանգեն անոր կոչին: «Թուրքիան, որ այս տագնապի հիմնական գործօններէն մէկն է, կ՛աջակցի այս յայտարարութեան: Թուրքիան կը գօտեպնդէ Ատրպէյճանը՝ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն վարելու մէջ: Կ՛արձագանգէ նաեւ Փաքիստանը: Չեմ կարծեր, որ ուրիշ որեւէ երկիր արձագանգէ այս կոչին», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:
Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ իսլամական քանի մը պետութիւններու հետ Հայաստան սերտ կապեր ունի, խօսքը Իրանի, արաբական աշխարհի, Կեդրոնական Ասիոյ շարք մը երկիրներու մասին է, եւ Հայաստանը պէտք է շարունակէ ամրապնդել կապերը:
«Սփիւռքի ներուժն ալ պէտք է օգտագործուի այս հարցին մէջ: Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ Սփիւռքը մեծ յարգանք կը վայելէ: Մենք պէտք է զարգացնենք երկկողմանի յարաբերութիւնները, չէզոքացնենք ատրպէյճանական ներթափանցման քաղաքականութիւնը դիւանագիտական ու զինուորական դաշտերուն մէջ», ըսաւ ան: