ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախէն բռնագրաւուած Քաշունիքի շրջանին մէջ՝ Հայաստանի հետ սահմանին, Ատրպէյճան նոր զօրամաս մը հաստատեց։ Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին Ատրպէյճանի Պետական սահմանային ծառայութենէն:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան համաձայն՝ Պետական սահմանապահ ծառայութեան՝ Կուլիեւ «շնորհաւորեց անձնակազմը՝ Պետական սահմանային ծառայութեան զօրամասին մէջ ծառայութեան եւ մարտական գործողութիւններու մեկնարկին համար»։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճան Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն եւ իրեն յանձնուած տարածքներուն մէջ, յատկապէս՝ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ, բազմաթիւ զօրամասեր հաստատեց պատերազմի աւարտէն ետք։