ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հայց ներկայացուցած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին` ընդդէմ Հայաստանի:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու կարգ մը հաղորդումներուն` հայցը, որ ներկայացուած է ոչ թէ քաղաքացիներու կողմէ, այլ երկրին կառավարութեան կողմէ, միջպետական յայտարարութիւն է եւ առաջին գործը` ընդդէմ Հայաստանի: Այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի խորհրդարանի իրաւական քաղաքականութեան եւ պետական շինարարութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Քամալ Ճաֆարով:
Ըստ Ճաֆարովի՝ հայցը կը վերաբերի ատրպէյճանցիներու կեանքին, դաւանանքի ազատութեան, սեփականութեան եւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքներու խախտման: