ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Ատրպէյճանի մէջ, Մարտի կէսերուն տեղի ունեցած զօրավարժութիւններուն ընթացքին գործածուած են պելոռուսական արտադրութեամբ՝ «7A0917 Լեքթոր» հրետանային կրակի կառավարման շարժական համակարգեր:
Ըստ ատրպէյճանական «Ազերիտիֆենս» կայքի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Պաքու Պելոռուսէն այս համակարգերը գնած է այս տարուան Փետրուարին՝ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած ռազմական արտադրութեանց՝ IDEX-2019 ցուցահանդէսէն ետք։
Աղբիւրը ներկայացուցած է տեսարան մը զօրավարժութենէն, ուր կ՛երեւին նշեալ համակարգերը։
Նշենք, որ «Լեքթոր» համակարգը առաջին անգամ ըլլալով Փետրուարին ցուցադրուած էր Պելոռուսի ռազմական արդիւնաբերութեան պետական ցուցահանդէսին ընթացքին: