Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու են արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն, յատկապէս` Ծոցի երկիրներուն եւ նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ հետ:
«Այդ յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ փոխադարձ, որովհետեւ անիկա կը ծառայէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներու շահերուն», հաստատեց նախագահ Աուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի նոր նշանակուած նախագահ դոկտ. Պասսամ Պատրանը, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզը յուզող հարցերը, Լիբանանեան համալսարանին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու համալսարանին տարբեր հիմնարկներուն եւ դասախօսներուն կարիքները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ռոժէ Ազար: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Քեսրուան-Ֆթուհի կարիքները: