Արաբական լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքիի, այսօր կը հասնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` լուծելու համար Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը:
Զաքի հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական եւ վարչական կազմերը մեկնեցան Ռիատ:
Սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի հետ դիւանագիտական տագնապի լուծման առումով ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնուի:
Նոյն օրաթերթին մէջ հաստատուած է, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ դիւանագիտական տագնապը ստեղծողը Միքաթիի կառավարութիւնն է: