Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ` Կեանքի Մեծ Հարցումները Փոքրիկ Ընթերցողներու Համար
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ մեծնայ, անկէ չշեղի» (Առակած 22:6):
«Յաճախ մանուկներ հարցումներ կ՛ուղղեն, եւ ծնողք կամ ուսուցիչ կը շուարին, թէ ինչպէ՛ս պատասխանեն, ի՛նչ ըսեն, ի՛նչ չըսեն կամ ինչպէ՛ս պարզ, բայց ճշմարիտ ու ճշգրիտ պատասխան տան: Ըստ մանկավարժներու եւ հոգեբաններու, անոնց փնտռածը բացատրութիւններ են, որպէսզի ապահով զգան եւ հասկնան, թէ ի՛նչ կը պատահի իրենց շուրջը: Այս յատուկ Աստուածաշունչը` 6-12 տարեկան մանուկներու համար, լուրջի կ՛առնէ փոքրերու հարցումները` իրենց մասին, շուրջի մարդոց մասին եւ աշխարհին մասին եւ պատասխաններ կու տայ` հիմնուած Աստուածաշունչի պատմութիւններուն վրայ: Այս իմաստով, գիրքը խիստ օգտակար է ոչ միայն ծնողներու, այլ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի եւ առօրեայ դպրոցի ուսուցիչներու համար», կը բացատրէ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտողար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:
Գիրքին Մասին
Գիրքին հեղինակները` Սուզըն Ճաշ եւ Քրիսթինա Շնըրլ, հոգեւոր հովիւներ են Շթութկարթի «Օլկա» մանուկներու հիւանդանոցին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին եւ իրենց փորձառութիւններէն մեկնած` մօտէն ծանօթացած են փոքրիկներու փնտռտուքներուն: Անոնք հաւաքած են այդ հարցումները եւ ներկայացուցած են զանոնք աստուածաշնչական պատմութիւններու միջոցով: Իսկ Մաթիաս Ուեպըր ներկայացուցած է պատմութիւնները պարզ եւ գեղեցիկ գծագրութիւններու միջոցով:
120 էջերով պատկերազարդ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ` «Դուն», «Դուն եւ ուրիշները» եւ «Դուն եւ աշխարհը»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի
իր ենթաբաժինները: Օգտագործուած աստուածաշնչային բոլոր հատուածները զետեղուած են գիրքին վերջաւորութեան:
Այս գիրքին պատմութիւններու շարքը չի հետեւիր Աստուածաշունչին պատմութիւններու շարքին: Հեղինակներուն նպատակը աստուածաշնչային լոյս սփռել է փոքրիկներու եւ պատանիներու կեանքերուն ու կարիքներուն վրայ, նաեւ` կապ մը ստեղծել անոնց եւ Աստուածաշունչի մէջ գտնուող անձնաւորութիւններուն միջեւ: Այսպիսով, անոնք իրենց կեանքերը հաստատուն հիմերու վրայ դնելով` պիտի գիտնան, որ Աստուած գիտէ, կը սիրէ եւ կը պահպանէ զիրենք:
Արաբական Ծոցի
Աստուածաշունչի Ընկերութիւն
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը միջեկեղեցական, ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է եւ անդամ` Համաշխարհային միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութիւններուն: Սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնն է Աստուածաշունչը թարգմանել եւ բաժնել, որպէսզի աշխարհի բոլոր ժողովուրդները Աստուածաշունչը կարդան իրենց մայրենի լեզուով: