ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Մշակոյթի արաբական միութիւնը պարգեւատրեց գրող, հետազօտող եւ գործարար Լեւոն Զաքի Ետալեանը` անոր շնորհելով միութեան 2020 թուականի համաշխարհային մրցանակը` առ ի գնահատանք տարբեր ծառայութիւններու ընդմէջէն սուրիական եւ արաբական մշակութային ու ընկերային զանազան դատերու մէջ ունեցած ներդրումին:
Մշակոյթի արաբական միութեան Ներկայացուցչական խորհուրդի նախագահ Այշա Խըտր Դամասկոսի մէջ Լեւոն Զաքի Ետալեանին յանձնեց մրցանակը, որուն ան արժանացաւ միութեան նպատակներու իրագործման մէջ ունեցած մեծ ու հարուստ ներդրումին, արձանագրած իրագործումներուն, արաբական մշակութային կեանքին զարգացման մէջ ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Միութիւնը դիտել տուաւ, որ մրցանակակիրին կենսագրականը հարուստ է, ան յատկանշուած է դժուար առաքելութիւններու իրականացման մէջ ունեցած դերակատարութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ գործին ու գիտութեան միջեւ ոսկի միջինն ու հաւասարակշռութիւնը գտնելու հմտութեամբ: Լեւոն Զաքի Ետալեան ունի ուսումնասիրութիւններ համաշխարհային, արաբական եւ սուրիական տնտեսութեան վերաբերող, յօդուածներ ստորագրած է եւ տուած է մասնագիտական դասախօսութիւններ, նաեւ վարած է պատասխանատու զանազան պաշտօններ, ինչպէս` Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ Արաբ-պելճիքական (եւրոպական) առեւտրական տնօրէն- խորհուրդի անդամ, զանազան առիթներով արժանանալով գնահատականներու եւ պարգեւներու:
«Անցեալին մասին կը մտածեմ, սակայն հոն կանգ չեմ առներ, որովհետեւ գալիքը, ապագան ինծի է», մտածումի տէր Լեւոն Զաքի Ետալեան սեփականատէրն է «Լիզաքօ» առեւտրական ընկերութեան, որ սուրիական տնտեսական-ճարտարարուեստական լաւագոյն 55 ընկերութիւններէն մէկը կը նկատուի, ծառայած է Բերիոյ թեմին մէջ, ունի քանի մը հրատարակութիւններ: