Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէր նոր կարգախօսներով վերակենդանացած Աշխատաւորական կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ վարչապետութեան հասնելէ ետք, խորհրդարանին մէջ իր անդրանիկ ելոյթին ընթացքին կուսակիցներուն եւ ընդդիմախօսներուն առջեւ ըսաւ, թէ իշխանութեան հասնելէ ետք գործելը եւ իշխանութեան հասնելու նպատակաւ խօսիլը տարբեր, յաճախ ալ զիրար հակասող երեւոյթներ են:
Թոնի Պլէր առաջինը չէր այս իրողութիւնը հաստատողը: Ոչ ալ պիտի ըլլայ վերջինը: Բայց նոյնիսկ եթէ Պլէր ու անոր նմաններ իրենց նախընտրական խոստումները կատարեն, պիտի գայ ժամանակ, ուր ժողովուրդը թէկուզ փոփոխութեան նպատակով, քուէարկէ ընդդիմութեան առաջադրած թեկնածուին, նոր կամ աւելի բարւոք պայմաններու ակնկալութեամբ:
Ժողովրդավարական երկիրներու յատուկ այս երեւոյթին դժուար կարելի է հանդիպիլ Միջին Արեւելքի մէջ: Արեւմտեան գաղութատիրութեան օրհնութեամբ աւազային հիմքերու վրայ ստեղծուած արաբական պետութիւններէն իւրաքանչիւրը մշակած է իր ՙսեփական՚ ժողովրդավարութիւնը, որ ոչինչ է ժողովրդավարութեան իսկական չափանիշներուն մօտ: Արքայական ժողովրդավարութիւն, իշխանական ժողովրդավարութիւն, աւատապետական ժողովրդավարութիւն, մենատիրական ժողովրդավարութիւն, ընտանեկան ու համայնքային ժողովրդավարութիւն, բոլորը արաբական աշխարհին բնորոշ հասարակապետութիւններ են: Դժբախտաբար, Ըպն Խալտունի, Ըպն Սինայի ժառանգորդները դարերու վրայ երկարող մոնկոլական ու օսմանեան բռնատիրութեան տակ ապրեցան մշակութային, ընկերային, հոգեբանական տեղատուութիւն£ Արաբական քաղաքակրութեան, անոնց մշակութային փառքով հմայուող ժողովուրդներ աստիճանաբար գերազանցեցին իրենց երէկի կուռքերը:
Արաբական աշխարհի այսօրուան իրավիճակը հարազատ պատկերն է դարերու վրայ երկարող մոնկոլ-օսմանական քայքայիչ ներազդեցութեան: Միշտ կախեալ օտար պետութիւններու քմայքէն, ենթակայ անոնց հրահանգներուն£ Արեւմտեան գաղութատիրութիւնը, իսրայէլեան բաժանիր որ տիրես քաղաքականութիւնը փոխադարձ ատելութեամբ սնուող եւ համայնքային լարուածութեամբ ժայթքելու պատրաստ հրաբուխի մը վերածած է արաբական աշխարհը:
Մինչ Արաբական Գարունը կը սպառնայ արաբական աշխարհի բռնատէրներու մեծամասնութեան ու կը փորձէ քանդել հնամաշ կառոյցները, կը ծրագրէ նոր եւ բարեփոխուած աշխատանքի քարտէսներ£ Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ տակաւին յանձնառու կը մնայ շարունակելու իր ձախողած դիւանագիտութիւնը, հետապնդելով իր սեփական շահերը ու երկակի չափանիշներով մօտեցումները£ Արաբական աշխարհի բռնատէրներուն աջակցութեամբ, եւ շնորհիւ իր վարած անյստակ ու շփոթեցնող քաղաքականութեան, Ուաշինկթըն աննկարագրելի վնասներ պատճառած է արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն:
Արաբական աշխարհի ժողովուրդները կրնան բազմաթիւ հարցերու շուրջ տարակարծութիւններ ունենալ, սակայն անոնց մէջ, քիչեր միայն կրնան համաձայն չգտնուիլ, որ պատմութեան սլաքները ետդարձ պիտի չկատարեն յետայսու: Քազաֆին, Մուպարաքի ու Պըն Ալիի նման բռնատէրներու ժամանակաշրջանին վերջակէտի պահը հասած է: Նոր մարտահրաւէրներով լեցուն արշալոյս մը բացուած է արաբ ժողովուրդներուն առջեւ: Արաբական աշխարհի յեղաշրջումները կը պահանջեն ժողովրդավարութիւն, քաղաքացիական հասարակարգ, ընկերային արդարութիւն: Արաբ ժողովուրդը ունի իր տարրական պահանջները: Ահաբեկչութեան եւ միջուկային զէնքերու սպառնալիքներու մասին խօսողները Ուաշինկթընի հովանաւորութիւնը վայելող մանկլաւիկներն են միայն£ Արաբական աշխարհի ժողովուրդները ունին տարբեր մտահոգութիւններ:
Աւելի պարզ խօսելով, Ուաշինկթընի եւ արաբական աշխարհի մտահոգութիւններն ու առաջնայնութիւնները միեւնոյնը պիտի չըլլան յետ այսու: Պատմութեան յիշատակին անցած են այն օրերը, երբ Հիւսնի Մուպարաք արաբական աշխարհի այսպէս կոչուած ՙչափաւորական՚ պետութիւններու գլուխը կեցած, կը նոյնացնէն Եգիպտոսի ու Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութիւնները: Իսկ ուրիշներ կը ներկայանային իբրեւ արաբական աշխարհի դիմադրութեան ախոյեանները:
2001-ին, ամերիկեան զօրքերու Աֆղանիստան ներխուժելէն ետք ՙԱհաբեկչութեան դէմ պատերազմ՚ը դարձաւ ուաշինկթընեան մշակոյթին կարեւոր մէկ մասնիկը£ Արաբները սկսան դատուիլ Պըն Լատինի կողմ կամ դէմ ըլլալու չափանիշներով: Այս երեւոյթը դարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան կողմնացոյցը: Մինչդեռ, խորքին մէջ արաբական աշխարհի բնակիչներուն համար այնքան ալ էական նշանակութիւն չէր ներկայացներ Պըն Լատինը:
Արաբական աշխարհի բռնատէրներուն եւ Ուաշինկթընի օգտագործած բռապաշարները բաւական հեռու են ժողովուրդներուն պահանջած բարեկարգութիւններէն: Քայիտան եւ Ուաշինկթընը չեն կրնար դառնալ արաբական աշխարհի միասնականութեան յայտարարը: Արաբները միաւորուած են տարբեր գործօններով, որոնք արեւմուտքը դժբախտաբար կը մերժէ տեսնել: Անկախ պատմական, կրօնական, լեզուական եւ պատկանելիութեան ընդհանուր յայտարարէն, այսօրուան արաբական աշխարհը նաեւ կը միացնէ կիրարկուող բռնութեան, անարդարութեան, անհաւասարութեան, եւ կաշկանդումներու դառն փորձառութիւնը:
Եգիպտոսի, Եմէնի, Լիպիոյ ապստամբները չեն բարձրացներ Պըն Լատինի կամ Այման Զաուահիրիի նկարները հակակառավարական կարգախօսներուն կողքին: Քայիտան որեւէ մէկ պահուն չէ իւրացուած իբրեւ արաբական աշխարհի տիպար: Խորքին մէջ պիտի գայ պահը, ուր արաբական յեղափոխութիւնները ասպարէզ պիտի կարդան արաբական աշխարհին հանդէպ Ուաշինկթընի ցուցաբերած մօտեցումներուն:
Այսօրուան դրութեամբ, Ուաշինկթըն կը փորձէ ասպատակել եւ առեւանգել արաբ ժողովուրդներուն ձգտումները, անոնց ազգային շահերը£ Եթէ անցեալին, արաբ բռնատէրներուն ապաւինելով, Ուաշինկթըն իր լպրծուն եւ երկդիմի քաղաքականութեամբ ծանր հարուած կը յաջողէր հասցնել արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն, այսօր միլիոնաւոր արաբներ կը մերժեն շարունակել միեւնոյն իրողութիւնը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com