Ճատրակի համաշխարհային ֆետերասիոնը յայտրարեց, թէ արագ եւ կայծակնային կարգի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները պիտի կայանան Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ: Նախապէս որոշուած էր,որ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանը կազմակերպէր ախոյեանութիւնները: Փոփոխութեան պատճառը ասիական երկրին մէջ տարածուած պսակաւոր ժահրի նոր հոսանքն է:
Վերոյիշեալ զոյգ ախոյեանութիւններուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն տասնմէկ «գրոսմայսթըր»ներ՝ Հայկ Մարտիրոսեանը,Գաբրիէլ Սարգսեանը, Մանուէլ Պետրոսեանը, Շանթ Սարգսեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, Տիգրան Պետրոսեանը, Սամուէլ Տէր Սահակեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը, Էլինա Դանիէլեանը, Սուսաննա Գաբոյեանը եւ Մարիա Գէորգեանը: