ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Արամը՝ իմ փոքրիկ թոռնիկս է. այդպէս անուանեց զինք, Ռաֆֆին, իր հայրը՝ պատուական մարդ, և մենք, բոլորս, ընդունեցինք այդ անունը՝ առանց վարանումի կամ առարկութեան՝ գիտակցելով ատոր վեհութեան։ Արամներ շա՜տ կան, բայց ի՛մ Արամս իւրայատուկ է, ոչ թէ անոր համար, որ ան իմ շարաւիղս է, այլ որովհետեւ ան բացառիկ անհատականութեան տէր անձ մըն է, անգլերէն կարդալ սորվեցաւ առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան և դպրոց յաճախելէ շա՜տ առաջ՝ հետեւելով միայն հեռատեսիլէն հաղորդուած խաղերուն և ծանուցումներուն։ Անշուշտ, ցաւօք սրտի, անոր առաջին բառերը անգլերէն եղան… Ի՛նչ կարելի է ընել՝ երբ այսպէ՛ս է ա՛յս օրերու կարգավիճակը… Ո՛ւր որ դառնաս, ընդհանրապէս անգլերէն կը լսես և անգլիատառ ցուցատախտակներ կը տեսնես հաստատութիւններու և խանութներու ճակատներուն վրայ։
Հպարտօրէն կրնամ ըսել, որ իմ Արամս ոչ մէկ ցուցանիշ չի բախցնէր. բոլորն ալ կը կարդայ առանց բացառութեան, ըլլան անոնք մեծատառ թէ փոքրատառ, որ մեծ հաճոյք կը պատճառէ իր մեծ մօր՝ տիկնոջս… Մեծ հաճոյքով, տիկինս բոլորին կը պատմէ Արամի «սխրագործութիւններուն» մասին. ի վերջոյ, Արամը ի՛ր ալ շարաւիղն է, այնպէս չ՞է՝, և ի՛ր ալ պարծանքին առարկան…
Այս ընթացքով, օր մը, Արամը կրնայ նշանաւոր անձ մը դառնալ և պարծանքը հանդիսանալ իր ընտանիքին, հայկական գաղութին և ամերիկեան պետութեան, ուր անոր ընտանիքը կայք հաստատած է ներկայիս։ Ուրիշ պանդուխտ հայերու նման, թերեւս, օր մը, ինքն ալ փափաքի Հայաստան երթալ՝ իբր զբօսաշրջիկ… Ի վերջոյ, ո՞վ չի ցանկար հայրենիքը տեսնել… և վստահ եմ, որ այդպէս ալ պիտի ընէ … սակայն այս մէկը լոկ փաղձանք մըն է՝ առժամեայ կեցութիւն ապահովելու միջոց մը… և, մի գուցէ, իրեն առաջարկուի մշտական բնակութիւն հաստատել հոն… Վերջին հաշուով, ո՞վ պիտի չուզէր օգտուիլ անոր շնորհներէն…
Եթէ Արամ Հայաստան ծնած ըլլար, կամ իր ծնողքը Հայաստան փոխադրուած ըլլային, ան բնաւ կարիքը պիտի չունենար մտածելու, թէ ինչ որոշում պիտի առնէր ապագայի նկատմամբ։ Ինքնաբերաբար, ան հայախօս պիտի ըլլար և ամբողջ էութեամբը նուիրուած՝ հայրենիքի ծառայութեան և բարօրութեան, անշուշտ եթէ իրեն
հնարաւորութիւն տրուէր ազատօրէն մտածելու և գործելու… Սակայն քանի այդպէս չէ՛, Հայրենիքի ներկայ պայմաններուն մէջ, արրդեօ՞ք ան պիտի ուզէր գրաւի դնել իր ամբողջ գիտութիւնն ու հմտութիւնը Հայրենական Խաղասեղանին վրայ, ուր իրմէ շատ աւելի արժէքաւոր ու յարգարժան մարդիկ, հոն ապրած ու գործած տիւ և գիշեր, իրենց սրբազան գործը աւարտելէ ետք, կորսնցուցած են յարգանք, համակրանք ու սէր…
Խօսքս՝ Արամի՛ն մասին է՝ այն ազնիւ, հայրենասէր, անձնուրաց, մեծարգոյ, մեծասիրտ Արամի՛ն մասին է, այն աննկուն նկարագրով, խրոխտ Հայու՛ն մասի՛ն է, որ իր կամքի ուժով, ազգ մը ամբողջ ղեկավարեց իր անզուգական յատկանիշերով՝ ի մի խմբելով յուսալքուած հայ ժողովուրդը ՝դարբնելու, դարեր ետք, Հայրենիքի Առաջին Անկախութիւնը՝ ամենադժնդակ օրերուն…
Խօսքս, դարձեալ, անձնազոհ Արամի՛ն մասին է, որուն մեծութիւնը կարելի չէ՛ կասկածի տակ դնել, որովհետեւ այդ մեծութիւնը երրեակ միութեան մը արդիւնքն է… Ան ծնաւ մեծ, գործեց մեծ և արժանացաւ իր ժովուրդի մեծ գնահատանքին…
Ի՞նչ է, սակայն, տրամադրութիւնը իրեն հանդէպ՝Հայաստանի ներկայ իշխանութեան կարգ մը պարագլուխներուն, որոնք այսօր կը վայելէն Նորակերտ Հայրենիքը: Ան գոյութիւն ունի որովհետեւ ունեցաւ իր նախորդը՝ 28 Մայիս 1918—ը, կերտուած՝ Արամի պայծարատես միտքովն ու կամքովը…
Ամէն առիթով, մեր հայազգի պարագլուխներն ու գրագէտները ընդվզումով կ’արտայայտուին հայրենիքէն ներս տիրող իրավիճակին մասին՝… անփութութիւն ժողովուրդին նկատմամբ, անհեթեթութիւն, անհանդուրժողութիւն, անպատկառութիւն, ապերախտութիւն հանդէպ՝ անցեալի նուաճումներուն , մեր ազգային սրբութիւններուն և մեր Հայրենի սուրբերուն՝ Արամ Մանուկեանի նման Ազատութեան Մարտիկներուն…
Այսօր՝ եթէ Արամ Մանուկեանը, իր ամբողջ մեծութեամբը, կ’անտեսուի հայրենի հողին վրայ ապրող մեր կարգ մը ազգակիցներուն կողմէ, ինչպիսի հնարաւորութիւն կրնանք ակնկալել , որ իմ թոռս՝ Արամը որեւէ յաջողութիւն կարենայ ապահովել, հո՛ն, ապագային…
Եւ տակաւին կը խօսուի հայրենադարցութեան մասին… Ի՞նչ յանդգնութիւն… Ի՞նչ անհեթեթութիւն…