ՎԱՏԻԿԱՆ․- Ֆրանսիս պապը 29 Յունիսին, Լիբանանի համար նոր կոչ ըրաւ, Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ հանդիսաւոր արարողութեան վերջաւորութեան եւ յորդորեց բոլոր աշխարհի հաւատացեալները աղօթելու Հինգշաբթի, 1 Յուլիսին, երբ Լիբանանի բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը Վատիկանի մէջ պիտի հանդիպին, միասնաբար խորհրդակցելու եւ աղօթելու Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապագային համար։
Չորեքշաբթի օր, Արամ Ա. վեհափառը ժամանեց Վատիկան՝ մասնակցելու ժողովին, որ պիտի բաղկանայ երկու մասերէ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն:
Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի առաջին բաժինով խօսք պիտի առնեն Ֆրանսիս պապը, վեհափառ հայրապետը եւ Ռաայի պատրիարքը: Ընդառաջելով պապի առաջարկին՝ կաթողիկոսը պիտի խօսի Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական-քաղաքական կացութեան եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւններուն մասին, իսկ պատրիարքը պիտի խօսի եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան մասին:
Սոյն ժողովի նախաձեռնութեան մէջ վեհափառը կարեւոր դեր ունեցաւ. շուրջ երկու ամիսներ առաջ պապին ուղղած իր նամակին ճամբով: Թէ՛ լիբանանեան եւ թէ եւրոպական ու վատիկանեան լրատու աղբիւրները յատուկ կերպով անդրադարձան վեհափառին ունեցած դերակատարութեան՝ նոյն ժամանակ հարցազրոյցներ ունենալով անոր հետ:
Արամ Ա. կաթողիկոսին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան:
Նշենք, որ օդակայանին մէջ Արամ վեհափառը դիմաւորեցին Վատիկանի մօտ Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան։