Պէյրութը ցնցած հսկայական պայթումէն անմիջապէս ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերը եւ անձամբ ստուգեց հայորդիներուն կրած նիւթական ահաւոր վնասները:
Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Խաչերեան, Բենիամին Պչաքճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ:
Վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ իր շրջապտոյտին սկսաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, ապա անցաւ Աբրահամ Աշճեան պողոտայէն: Ամբողջ այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը բնակիչներուն հետ ուղղակի զրոյցի ընդմէջէն յուզմունքով իրազեկ դարձաւ անոնց վիճակին:
Վեհափառ հայրապետը այցելեց նաեւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ, ուր կային խումբ մը վիրաւոր հայորդիներ: Վեհափառը հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջութեամբ եւ բարի ապաքինում մաղթեց անոնց: Վեհափառ հայրապետը ականատես դարձաւ նաեւ «Սարդարապատ» ակումբին կրած վնասներուն: «Սարդարապատ» ակումբին մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտէն մեկնելէ առաջ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որպէսզի ժողովուրդին անմիջական կարիքները հոգացուին:
Ուշ գիշերին «Սարդարապատ» ակումբ այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան: Անոնք ծանօթացան արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն:
Միաժամանակ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր ան հետեւեցաւ վիրաւորներուն մատուցուած խնամքին: Ան այցելեց նաեւ Հայաշէնի ժողովրդային տուն եւ «Ազատամարտ» ակումբ, ուր ան ծանօթացաւ վնասներուն: