Հինգշաբթի, 15 նոյեմբեր 2018-ին, վեհափառ հայրապետը ընդունեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որ Նիւ Եորքէն յատուկ եկած էր Խրիմեան Հայրիկի մասին իր պատրաստած մենակատարութիւնը ներկայացնելու լիբանանահայութեան:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան աւելի քան 50 տարիներու հարուստ վաստակ ունի իբրեւ գրականագէտ, թատերագիր, բանախօս եւ թարգմանիչ: Ան հեղինակ է բազմաթիւ հայերէն եւ անգլերէն հատորներու:
Վեհափառ հայրապետը մօտէն ծանօթ է դոկտ. Հրանդ Մարգարեանին Նիւ Եորք իր ուսանողական շրջանէն սկսեալ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու ընդհանրապէս հայ մշակոյթին եւ յատկապէս հայ գրականութեան ու թատրերգութեան մասին: