Շաբաթ, 23 նոյեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրադարանին մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը:
Վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները: Վեհափառը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ միութեան կատարած գործին` զայն նկատելով առաքելութիւն, եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ միշտ զօրավիգ կանգնիլ ՀՄԸՄ-ի ազգային առաքելութեան: