Չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք վեհափառ հայրապետին տեղեակ պահեցին օր մը առաջ յառաջիկայ ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին:
Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը` մաղթելով, որ բոլոր գաղութներուն մէջ միջկուսակցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծաւալի համազգային եւ համագաղութային ընդհանրական մտահոգութիւններու ու աշխատանքներու շուրջ: Խօսելով ապրիլ 24-ի նշման մասին` վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց կուսակցութեան պատասխանատուներուն` շեշտելով, որ բարձրագոյն աստիճանի կազմակերպուածութեամբ ու ժողովրդային մասնակցութեամբ անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական կամքը արտայայտուի աշխարհին դիմաց: