Չորեքշաբթի, 16 յունիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի:
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր: