Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ` Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլերի թոռնիկը` Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն` Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ` «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, կապուած` Բաբա Քունցլերի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն` գորգագործութեան գործարանին, այրիներու համար ստեղծած հաստատութեան, աղջիկներու համար բացած ձեռագործի գործարանին եւ Ազունիէի թոքախտանոցի հիմնումին: Յայտնենք, որ Բաբա Քունցլեր խնամած է աւելի քան 8000 որբեր եւ հայր դարձած է անոնց, ինչպէս արդարօրէն իր անուան կապուած Բաբա մակդիրը կը պարզէ:
Վեհափառ հայրապետը հիւրերուն յայտնեց, որ ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Զուիցերիոյ մէջ Արմենոֆասի կողմէ կազմակերպուելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Բաբա Քունցլերին նուիրուած յատուկ հանդիսութեան: Ալամէտտին ըսաւ, թէ ինք եւս պիտի մասնակցի յիշեալ հանդիսութեան:
Արծարծուեցաւ Բաբա Քունցլերի գերեզմանը վերանորոգելու հարցը եւ անոր տեղն ու դերը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գործին մէջ արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապա, հիւրերը մեկնեցան այցելելու Ղազիրի որբանոցը եւ Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու նորակառոյց թանգարանը: