ԹՇՆԱՄԻՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՌՄԲԱԿՈԾԵԼ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ
ՎԱՀՐԱՄ ՊՕՂՈՍԵԱՆ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԳԻԱՆՉԱՅԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ՔԱՆԴՈՒԵՑԱՒ
Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան յայտարարեց, թէ Գիանչայի ռազմական օդակայանը ամբողջութեամբ քանդուեցաւ.«Ազրպէյճանի Գիանչայի ռազմական օդակայանը յօդս ցնդեցաւ».յայտնեց Պօղոսեան:
Միւս կողմէ, հակառակ բազմաթիւ նախազգուշացումներուն՝ Ազրպէյճանի ահաբեկչական բանակը կը շարունակէ հարուածել Ստեփանակերտը, օգտագործելով «Փոլոնեզ» եւ «Սմերչ» տիպի հրթիռային համակարգեր:
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ յետ այսու Ազրպէյճանի մեծ քաղաքներու մէջ տեղակայուած ռազմական կեդրոնները պիտի դառնան Արցախի պաշտպանութեան բանակի թիրախ:
Յարութիւնեան Ազրպէյճանի բնակչութեան կոչ ըրաւ արագ կերպով լքել այդ քաղաքները՝ հնարաւոր կորուստներէ խուսափելու համար եւ շեշտեց, թէ զարգացումներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Մ. Նահանգներու մեր հայրենակիցները կրկին բողոքի ցոյց մը կատարեցին, իրենց ձայնը բարձրացնելով համայն աշխարհին՝ վերջ տալու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն:
Ամերիկահայերը փակած են Հոլիվուտի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկուն երթեւեկութիւնը, ծածանելով Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները:
Բողոքի ցոյցը յատկապէս ուղղուած է CNN լրատուական գործակալութեան դէմ, ուր պաստառներու վրայ՝ « ու՞ր ես, CNN» բարձրացուցած, ցուցարարները պահանջած են դուրս գալ Արցախի դէմ կատարուած յարձակումներուն հանդէպ ցուցաբերուած լռութենէն: Բողոքի ցոյցերուն նաեւ միացած են Մ. Նահանգներու եզիտի համայնքի ներկայացուցիչներ: