Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, թէ ծանր բախումներ կը շարունակուին սահմանագիծի երկարութեամբ:
«Արցախի պաշտպանութեան բանակը անընդհատ նոր եւ ծանր կորուստներ կը հասնեն թշնամիի զօրքերուն,որոնց յարձակումին նպատակը պարզ է ամբողջ աշխարհին: Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն կոչուող ահաբեկչական յանցախումբը եւ անոր անթաքոյց աջակցող Թուրքիան ամեն կերպ կը փորձեն ներխուժել Արցախի հանրապետութեան տարածքը՝ ամբողջութեամբ գրաւելու եւ հայ ժողովուրդին բնաջնջելու նպատակով»:
Յարութիւնեան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը միասնական սխրանքով անգամ մը եւս կ’ապացուցէ, որ մեր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը սակարկելի չեն: «Անգամ մը եւս փաստեցինք, որ Արցախը յաւերժ է». յայտնեց Յարութիւնեան