Այսօր, կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, համեմատաբար հանդարտ վիճակ կը տիրէ Արցախի սահմանագիծերուն վրայ: Սակայն, ինչպէս նշեց Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, վայրկեաններու ընթացքին կացութիւնը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ:
Արցախի նախագահը սոյն յայտարարութիւնը կատարեց առաւօտեան կնքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը ամենաշատ ուզողները արցախցիներն են, բայց չեն կրնար երկրէ մը, որուն նպատակն է բնաջնջել Արցախի պատմութիւնը, ժողովուրդը, պարտադիր պայման ընդունիլ: Հայրենական պատերազմ պիտի յայտարարեմ, եւ կոչ պիտի ընեմ բոլոր հայերուն՝ նիւթական եւ ցանկութեան պարագային ֆիզիքական մասնակցութիւն ունենալ: Եթէ երկարատեւ պատերազմ կ’ուզեն (թուրք-ազերիները), մենք չենք հրաժարիր». շեշտեց Արցախի նախագահը: