Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ սահմանագիծի ողջ երկարութեան իւրաքանչիւր սանթիմեթրի համար կենաց-մահու պայքարը: Սոյն գրառումը դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
« Վաղ առաւօտեան եղած եմ սահմանագիծի հարաւային թեւը: Ծանօթացայ իրավիճակին, հրամանատարութեան հետ քննարկեցի կատարուելիքները: Տղաներուն մարտական ոգին եւ յաղթանակի հանդէպ վստահ տրամադրութիւնները միայն վարակիչ են: Պաշտպանութեան բանակը ոչ միայն այդ ուղղութեամբ, այլեւ շփման գիծի ողջ երկայնքով կը շարունակէ իւրաքանչիւր սանթիմեթր հողի համար կենաց-մահու պայքար մղել: Թշնամիին ջախջախելու մեր ջանքերը անկասկած պիտի պսակուին յաջողութեամբ: Փա’ռք Հայոց բանակին». նշած է Արայիկ Յարութիւնեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան բնակելի թիրախներու համար կը գոռայ, քօղարկելով սեփական վանտալիզմը: