Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 օգոստոսին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը եւ անոր ներկայացուց վերջին օրերուն շրջանին մէջ ստեղծուած ապահովական իրավիճակը:
Նախարար Միրզոյեան դատապարտեց եռակողմանի յայտարարութիւններու կամայական մեկնաբանութեան եւ իրավիճակի ապակայունացման ազրպէյճանական փորձերը` ընդգծելով միջազգային հանրութեան` մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններուն կողմէ իրավիճակի հասցէական գնահատականներու կարեւորութիւնը:
Վերահաստատուեցաւ հայկական կողմի կառուցողական դիրքորոշումը` ուղղուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման: