ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի 7-րդ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Արարատ Միրզոյեան: 14 Յունուարին, Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Յովակիմեան:
«Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ, Ազգային ժողովի 132 պատգամաւորներուն 131 թեր ձայնով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Արարատ Միրզոյան», յայտարարեց Յովակիմեան: 1 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուեցաւ:
Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան՝ այսպիսի բարձր քուէին համար: «Այսպիսի քուէ իսկապէս պարտաւոր կը դարձնէ: Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին իւրաքանչիւր վայրկեանը պիտի աշխատիմ յիշել այս պարտաւորութիւնը», յայտնեց Միրզոյեան:
Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները նախագահի թեկնածու չէին առաջադրած: