Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան «Փոտիոմ» պարբերականին յայտնեց, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութինին դիմած է Արցախի պատերազմը դադրեցնելու խնդրանքով:
« Մենք երէկ հանդիպում ունեցանք, քանի մը հարցերու վերաբերեալ: Ընդունեցինք կարգ մը որոշումներ, որոնց մէջ՝ նախագահ Փութինին դիմել, որպէսզի Ռուսիա օգնէ դադրեցնելու հակամարտութիւնը, մարդասիրական օժանդակութիւն եւ այլ օգնութիւններ տրամադրէ»:
Աբրահամեան յայտնած է, թէ Ռուսիայէն քսան հազար հայ կամաւոր դիմած է Արցախ մեկնելու համար:
«Այս Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ծրագրաւորած լայնածաւալ գործողութիւն է: Այս սատիզմ է, աւազակութիւն, ահաբեկչութիւն: Անոնք կ’ուզեն, որ Ղարաբաղի մէջ չմնայ հայ: Չկան հայեր, չկայ՝ հայկական հարց: Այս պատճառով անոնք կ’օգտագործեն պսակաւոր ժահրը: Ինքնաթիռներ, օգնութիւն, նոյնիսկ մարդասիրական՝ չկայ, անհնար է ղրկել: Մեր մօտ, գիշերուան ընթացքին քսան հազար մարդ կամաւոր արձանագրուած են, ռազմական տեղափոխութեան միջոց պիտի խնդրենք, որպէսզի մարդոց Հայաստան ղրկենք: Մօտ հազար ռուսեր Արցախ կամաւոր երթալու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Սակայն մենք յայտնեցինք՝ շնորհակալութիւն»: