180°
եթէ ես պառկիմ հորիզոնական
իսկ դուն իմ գլխուս վերեւ կենաս ուղղահայաց
հով մը պէտք է գայ – տապալէ քեզ
որ ըլլանք 180 աստիճան
միայն թէ
անհեթեթութեան գիրկը չիյնաս
ՏԱՆԻՔՆԵՐ
փոքրիկ աղջիկ մը
կը ցատկռտէ տանիքէ տանիք
ու մենք կը տեսնենք ձեւերը տանիքներուն
նոր ու հին տանիքներուն շրջագիծերը
փոքրիկ աղջիկ մը
կը վազվզէ տանիքներուն վրայ
ու մենք կը մտածենք
թէ այդ ձեւերը
ծնած են շէնքին յատակագիծէն
ՁԵՒ
կ’ուզես ըլլալ եռանկիւն
նստիլ խարիսխի մը վրայ
եւ գագաթ մը ցուցնել
կ’ուզես ըլլալ քառանկիւն
թերեւս ջրանցք մը ըլլալ կ’ուզես
կ’ուզես ըլլալ կլոր
բիբը ըլլալ աչքին
գիտեմ – կ’ուզես ձեւ առնել
որ ազատիս անորոշակիութենէդ
ԶՈՒԳԱՀԵՌԱԿԱՆ
երկու գիծեր զուգահեռական
կը գծեն ուղի մը
նաեւ վտանգը
այդ ուղիէն դուրս չգալու
երկու գիծեր զուգահեռական
կը գծեն հաւասարութեան նշան մը
եւ անոր երկու կողմը գտնուող արժէքները
տեղափոխելու վտանգը
նաեւ
ԱՆԿԻՒՆՆԵՐ
անկիւնները կը բազմանան
եռանկիւնը կ’ըլլայ քառանկիւն
քառանկիւնը հնգանկիւն
եւ այսպէս
երբ անկիւնները բազմանան
շուտով կը ծնի շրջանակը
եւ մարդիկ
առանց անկիւնի կը մնան
ՏԱՓԱԿՈՒԹԻՒՆ
կարեւոր է լեցուիլ
եւ աւելի կարևոր է լեցուիլ
իմաստութեամբ –
կլորնալ
գունտ մը ըլլալ թաւալուն
կամ խնձոր մը սովահարին ափին մէջ –
արեան գնդիկ մը ըլլալ
ուրեմն
կարեւոր է լեցուիլ
եւ աւելի կարևոր է լեցուիլ
իմաստութեամբ
կլորնալ
եւ ազատիլ տափակութենէն
ՄԵՆԱՊԱՐ
երբ անորոշութիւնը մենապար պարէ
մարդիկ այդ պարը նոր պար մը կը կարծեն
դէմ դիմաց կ’անցնին
անորոշութիւն կը պարեն
մինչ անորոշութիւնը
մեր ոտքերուն կը հագցնէ
իր նոր կօշիկները
ԲԱՆՏ
մենութիւնը կը բարձրացնէ պատերը բանտին
եսասիրութիւնը կը գամէ առաստաղը բանտին
մեծամոլութիւնը կը փակէ պատուհանը բանտին
երկաթէ դուռը կը կղպէ պահակը բանտին
ՀԱՐՑՈՒՄ
ան ինչ որ կը շրջի
կը շրջի շարունակ
կը դառնայ մոլորակ
ան որուն շուրջ կը շրջին
կը շրջին շարունակ
կը դառնայ առանցք
ո՞ր մէկը կ’ուզես ըլլալ դուն
ԵՐԳԵՐ
երգեր կան
որոնք պէտք է մտիկ ընել համօրէն
երգեր ալ կան
որոնց միջոցին
կրնաս դադար մը առնել
ձեռքերդ լուալ
երգեր ալ կան – որոնք
պէտք չէ երգել
ՍՏՈՒԵՐՆԵՐ
ստուերներ
չեն կրնար ձեւաբանել ծաւալներ ճշգրտօրէն
փախիր ստուերներու կանչէն խափուսիկ
եւ մէջդ զարթնիր
յետոյ բացատրէ
թէ ինչ գտար
ԱՄՊԸ
տես ամպը
հիմա քիթ է – քիչ ետք ձեռք կ’ըլլայ
ձեռք է – ոտք կ’ըլլայ
ձուկ կ’ըլլայ – աչք կ’ըլլայ
ուղտերու կարաւան կ’ըլլայ
բայց ամպ է
վերջ ի վերջոյ անձրեւ կ’ըլլայ
ՆԿԱՐ
նկարէ ճամբան – նկարէ տունը
նկարէ երկինքը – կապոյտը
նկարէ ելեքտրականութեան ձողը
նկարէ չորցած ծառը
նկարէ
ապա դիր շրջագիծի մը մէջ
եւ
դիտէ նկարով պատը
ՊԱՏՈՒՀԱՆ
ուղղանկիւն քառանկիւն մը կը գծեմ
ապա խարիսխին վրայ -ուղիղ անկիւն
գիծ մը կը բարձրացնեմ
եւ կը սպասեմ որ այդ ձեւը
նմանցնես պատուհանի
ԲԵՄ
մէկը բեմէն կ’երգէ – անձրեւոտ եղանակ
մէկը բեմէն կ’երգէ – արեւոտ եղանակ
մէկը բեմէն կ’երգէ – եղանակ
մէկը բեմէն կ’երգէ – թերեւս չ’երգեր
բայց բոլորն ալ վար կ’իջնեն
կ’երգեն
անորոշ եղանակ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ
արեւը հուրհուրան
երբ հանեմ արեւային համակարգէն
եւ սիրային համակարգիս մէջ նետեմ
պիտի հալի
արեւը
ՃԱՆՃԸ
եթէ ըսուած խօսքերը չըսուէին
պարապութիւն մը պիտի գոյանար
որուն անունը
դատարկութիւն պիտի ըլլար
եւ ճանճը
այդ դատարկութեան վրայ պիտի չփափաքէր
նստիլ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
այն ինչ որ պատմեցի հիմա
եւ եթէ դուն ինձմէ առաջ գիտէիր ատիկա
ձեւացուր թէ չես գիտեր
կարծես առաջին անգամն է որ կը լսես
ամէն տեղ նոյն պատմութիւնը կը պատմեն
նոյն պատմութիւնը կը պատմեն ամէն տեղ
մի նեղանար – յաջորդին
պատմելու եղանակս կը փոխեմ