«Ազդակ»-ի 37-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին:
Դասախօսեց փրոֆ. Հեղնար Ուաթենփա, նիւթ` «Հայկական մշակութային ժառանգութիւններու քարտէսը` այսօր»: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Հեղնար Ուաթենփա ներկայացուց իր մասնագիտութեան մեթոտաբանութիւնը, որ հիմնուած է մարդկային իրաւունքներու վրայ: Մշակութային իրաւունքներու հայեցակարգը ներկայացնելով` ան խօսեցաւ մշակութային բնաջնջումներու զանազան օրինակներու մասին: Այս շրջագիծին մէջ ան առանձնացուց Արցախի պարագան` այժմէական վերջին փաստերը նկատի ունենալով: Հայկական մշակութային կոթողներու բնաջնջման երեւոյթը փրոֆ. Ուաթենփա դիտարկեց միջազգային մշակոյթի ժառանգութեան ընդհանուր հասկացողութեան մէջ:
Դասախօսը խօսեցաւ բնաջնջումի առընթեր մշակութային իրաւունքի այլ խախտումի մը մասին, որ ոչ թէ քանդումով կ՛ըլլայ, այլ պատկանելիութեան նենգափոխումով:
Փրոֆ. Հեղնար նշեց նաեւ արբանեակային նկարահանումներու դրութեան օգտագործումը մշակութային ժառանգութիւններու իրավիճակին հետեւելու առումով: Դասախօսութեան մաս էին նաեւ միջազգային կառոյցներու հետեւելու, կոչերու եւ յայտարարութիւններու կամ անոնց ներկայացուցիչներու այցելելու գործընթացն ու անոր օրինաչափութիւնները:
Դասախօսը տուեալներով բացատրեց նաեւ յունական եւ կիպրական պարագաները` մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ անոնց բնաջնջումին դէմ պայքարելու ձեւերուն վերաբերեալ:
Աւարտին փրոֆ. Ուաթենփա ներկայացուց հայկական կոթողներու պաշտպանութեան առաջադրանքով գործող հայկական կազմակերպութիւններուն ընդհանուր պատկերը:
Դասախօսը խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան` Միջազգային դատական ատեանին մօտ Ազրպէյճանի դէմ բացուած դատին եւ անոր մշակութային բաղադրիչին մասին:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին եւ տեսակէտներու ու առաջադրանքներու ճամբով քննարկում: