Ամերիկահայ աշակերտուհիներէս մին, Էլիզապէթը, ազնուազարմ հայուհին, մտահոգ է ու շուարած… Զուր տեղը չէ, որ ան այսպիսի վիճակի մը մատնուած է:Կը ճմլէ իր հոգին… իր հայու հոգին՝ այնքան տարբեր իր շուրջը դարձող այն բոլոր «հայրենակիցներէն». ո՛չ հայ, անշուշտ, բայց միշտ շրջապատուած անոնցմով… թէեւ ներկայ, ի՛ր իսկ ընտրութեամբ։
Անոնց հանդիպած է պարտադրաբար։ Ի վերջոյ, անոնք ալ, իրեն պէս, մարդ էակներ են, ընկերային էակներ։ Անոնց ծանօթացած է իր համալսարանական տարիներուն… սիրած՝ իբր մարդ և սերտօրէն կապուած ու մտերմացած անոնց հետ։ Ինչպէ՞ս չսիրել զանոնք՝ իր նման ազնիւ ու պարկեշտ երիտասարդներ և երիտասարդուհիներ…
Այն ամենօրեայ շփումը, որուն ինք ստիպողաբար ենթարկուած էր ուսումնարանէն ներս, այլ կերպ չեր կրնար զարգանալ եթէ ոչ բարեկամութիւններու մշակմամբ. երեւոյթ մը, որ առո՛ղջ է և էակա՛ն՝ նորմալ մարդոց միջեւ։ Որքա՜ն ճշմարիտ է սա՝ ընկերային տեսանկիւնէն դիտուած. բայց, որ խոտոր կը համեմատի ազգապահպանման տեսանկիւնէն։ Սակայն կարելի՞ է զանց առնել կամ անտեսել զայն։ Բնականաբար, ո՛չ։ Հայը մարդասէր է, նո՛յնիսկ՝ օտարասէր… բոլորիս ծանօթ արժէքներ, մեր ազգային դիմագիծին համապատասխանող։
Մարդասիրութիւնն ու օտարասիրութիւնը՝ մի՛շտ ալ եղած են ու պիտի մնան մնայուն արժէքները հայու աստուածատուր նկարագրին ու հպարտանքին։ Սայաթ Նովան, իսկ, կը յորդորէ մեզ այդպէ՛ս ըլլալ.—
«Հայա սիրէ. ատապ սիրէ. տար սիրէ…»
Ուստի ինչպէ՞ս կարելի է իմ ազնուափայլ Օրիորդ Էլիզապէթին տարբեր ըլլալ իր նախնիներէն, իր նմաններէն…
Էլիզապէթը, սակայն, մտահոգ է իր հետ պատահածով… ան կ’ապրի ԵՐԿՈՒՈՒԹԻՒՆ կոչուող աններելի հայապատկան տուայտանքը… թէ ինչպէս կարելի է սիրել ԵՐԿՈՒՔԻՆ՝ նո՛յն թափով և նո՛յն ուժգնութեամբ, մնալով հաւատարիմ ԵՐԿՈՒՔԻՆ՝ թէ՛ ՀԱՅՈՒՆ և թէ՛ ՕՏԱՐԻՆ… Արդեօ՞ք կարելի է նման ընտրութեամբ յարատեւել և ԵՐԿՈՒՔԻՆ ալ հաւատարիմ մնալ… ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷ՞ս…
Ա՛յո։ Էլիզապէթը արդէ՛ն գտած է ատոր պատասխանը՝
—ԵՍ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՀԱՅ ՄՆԱԼ…
Եթէ ինք ունի ա՛յս քաջութիւնը և անոր համապատասխան պատրաստակամութիւնը, ուրեմն ո՛չ մէ՛կ ո՛ւժ կրնայ ընկրկել անոր կամքը՝ սիրելու թէ՛ ՀԱՅԸ և թէ՛ ՕՏԱՐԸ, պահելով հայկականը՝ իր բոլոր թերութիւններով ու առաւելութիւններով և ընդունելով օտարին կարեւորութիւնը իր կեանքին մէջ, ընդգրկելով անոր ընձեռած լաւ արժէքները։