ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը տեղեկացուց, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին ընդունումը՝ հաստատելով, որ արդարութիւնը անպայման պիտի յաղթանակէ։
«Արդարութիւնը կարո՛ղ է անընդհատ սպասել իր յաղթանակի օրուան:
«Ողջունում եւ բարձր եմ գնահատում ԱՄՆ Սենատի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի միաձայն ընդունումը: Օսմանեան Թուրքիայում 19-րդ դարավերջից սկսուած եւ 1915 թուականին գագաթնակէտին հասած Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն վաղեմութեան ժամկէտ չունի, որովհետեւ արդարութիւնը կարո՛ղ է անընդհատ սպասել իր յաղթանակի օրուան», հաստատեց նախագահը: