Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Արդեօք Ո՞ր Օրուան Կը Սպասենք

December 24, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մեր Բոլորին Պէյրութը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն աշխարհի տարածքին ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին կամ կրնան ծնիլ: Աշխարհի մեծերու դէմքերուն վրայ դժոխքի եւ ատելութեան ու թշնամանքի կնիքը շատ յստակ տեսանելի է:

Հապա՞ մենք: Մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ: Ազգովին զոհ ենք աննպաստ պայմաններու: Ա՛լ մանրուքներով զբաղելու ատենն ու ժամանակը շատոնց անցած է: Վերջապէս պէտք է գիտնանք, որ միասնաբար պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Պատասխանատու կեցուածք, եթէ կ՛ուզէք: Չենք կրնար ամէն բան բախտի ձգել: Չենք կրնար այսպէս զիրար ատելով ապրիլ եւ յառաջանալ:

Այս կը նշանակէ չկորսնցնել միութիւնն ու միասնական ոգին: Այլեւս հաւատալու չենք մեզի պարտադրուած զինադադարներու կամ դաշնակիցներու կեղծ խոստումներուն: Անոնք կը նմանին այն մերկացած ծառերուն, որոնք ժամանակ մը վերջ կրնան դարձեալ ծաղկիլ: Խաբուսիկ իրավիճակ:

Լուրջ եւ խոհեմ, առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՛ապրինք: Ազգովին թէեւ ընդհանրապէս դժգոհ եղած ենք իրարմէ, բայց ա՛լ պէտք է գիտակցինք: Զիրար չխաբենք: Էական է գիտնալ, թէ այսօր մենք ո՛ւր կեցած ենք իբրեւ ազգ, ե՛ւ ժողովուրդ, ե՛ւ հայրենիք: Հարկ է մենք մեզի հարց տանք` ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը, մեր ապագան: Լաւ նայինք մեր շուրջը եւ տեղեկանանք, թէ որքա՛ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը: Արդեօք «բան» մը սորվա՞ծ ենք ուրիշնե-րէն, օտարներու «գարուններէն» եւ ազգերու ու յատկապէս մեր պատմութիւններէն: Ունինք ներքին եւ արտաքին հիւանդութիւններ, որոնց վախը աւելի զոհ կը խլէ, քան մանրէն:

Երբ մենք այս օրերուն հասանք` արդէն մեզմէ անկախ` հասունցած էին դէպքերը: Անոր համար ներկայիս ազգովին կ՛ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր եւ վճռական պահերը: Այս մասին պէտք է գիտակցինք: Լրջանանք:

Հայու ոգին դարձեալ դժուար պայքարի մէջ է: Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը: Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛այպա-նենք այս 21-րդ դարը, որ դարձած է ամեհի ու խստաբարոյ, եւ որ ունի ջղային տրոփում: Հակասական եւ անհաւասար:

Աշխարհի զանազան եւ բազմազան ժողովուրդներու նման մենք ալ ինքնակամ, յօժարակամ, ճակատագրի հովերէն քշուած, մեծ երկիրներու քաղաքական խաղերուն զոհեր դարձած ենք:

Յստակ է: Այս բոլորը մենք բոլորս ալ գիտենք եւ մեր մէջ կը սրդողինք ու մենք մեր մէջ ալ կը յուսահատինք, ու խելայեղօրէն լուծում մը կը փնտռենք, ինչպէս նաեւ` լուծում ապահովող զարկերակ, բայց չենք գտներ: Չկան, կ՛ըսենք: Ասոնց կողքին, մեր այս հայկական աղմուկին մէջ բացակայ են նաեւ մեր հաւաքական կամքն ու տեսիլքը, որովհետեւ ամէն մէկս դարձած ենք անձնասէր եւ անհաղորդ: Լոյսէն եւ իրականութենէն վախցող ու խոյս տուող էակներ դարձած ենք: Դիմակաւոր: Տգեղ եւ զազրելի: Վախկոտ: Կարծես ձուկերու միամտութիւննը ժառանգած ըլլայինք:

Է՜հ, վերջը ո՞ւր պիտի հասնինք:

Հաւատացէ՛ք, որքան տկար կը զգամ ինքզինքս եւ նոյնքան ալ փոքր` հրէշային այս մեծութիւն ունեցող հարցումին եւ անկէ սպասելիք պատասխանիս առջեւ: Մոռցած ենք ապրող եւ շնչող հաւաքականութիւն ըլլալնիս: Ցաւալի է այս մէկը: Հիւանդոտ եւ ատելութեամբ լեցուն մտքերով կը շարունակենք մեր կեանքը` շուարած եւ սարսափած: Կարծես ժամանակաւոր սկսած ենք ապրիլ մեր մայր հողին վրայ: Օտար քամիներուն անձնատուր եղած ըլլալ կը թուինք: Մեր դէմքերուն վրայ տակաւին նստած է ատելութեան, զիրար չհանդուրժելու, դժկամութեան ծանր ու սեւ ստուերը, եւ չենք անդրադառնար, որ մեր իսկ նման վարմունքով եւ ձեւերով պղծած ենք մեր ծանր վէրքի եւ սուգին նուիրականութիւնը:

Մեզի հրամցուած խաբկանքին ու մխիթարութեան հաւատացած ենք: Մէկ խօսքով, զոհ ենք համաշխարհային հաշիւներու: Այս մէկուն պէտք է հաւատանք: Անոր համար մեզի բաժին ինկած են ցնցումներ, որոնք մեր կեանքը դարձուցած են անհրապոյր:

Եւ տակաւին, մեր օրերը, բացի յոյսէն եւ խաղաղութենէն, իրենց հետ ամէն առաւօտ ուրիշ «բաներ» ալ կը բերեն: Ամէն օր մեր բառերը աղօթքի հեւք ունին: Հաւատքի փնտռտուքի եւ յոյսի տեսակ մը աղաղակ: Մոռցած ենք, որ մեր երկիրը իր յստակ եւ մաքուր առաքելութիւնը ունի: Մեր մտքերը հինցած են եւ հին ներկի նման կորսնցուցած են իրենց գոյնն ու փայլքը:Ու այս մէկը հայուն վայել չէ: Երբե՛ք:

Անհրապոյր ժամեր կ՛ապրինք: Ամէն վայրկեան` տխրութիւն եւ վէրք: Իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւնը ընդունիլը քաջութեան համազօր է, ըսած են մեր մեծերը: Ահա մեր ներկայի  իրականութիւնը: Իրավիճակը: Սթափումի ճիգ պէտք է, որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի: Այս մէկը` իբրեւ յորդոր, իբրեւ աղաչական խրատ, միշտ եւ ամէն առիթով կրկնած ենք:

Ճիշդ է, որ ազգովին մտահոգ ենք: Ո՛չ մէկ կասկած: Սգաւոր ալ ենք: Վկա՛յ վերջին այս պատերազմէն ստացած մեր բաժինը: Ուստի անյապաղ կարիքը ունինք ճկուն եւ պատասխանատու ղեկավարներու, որոնք մեր բոլոր ցաւերուն եւ կարիքներուն մօտէն ծանօթ են, որոնք իրենց «ես»-էն առաջ ազգային «մենք»-ի մասին կը մտածեն: Հայութեան շարքերը ներգրաւող եւ հայութիւնը միաւորող նախագիծով մարդոց անմիջական կարիքը ունինք` իմաստուն քաղաքականութեամբ եւ հայու ինքնութիւնը ապահովող փայլուն ապագայի ծրագիրներով:

Մեզի համար էական է նոր կեանքով ապրիլը: Մենք պէտք է, որ վերածնինք: Ամբողջ ուժով եւ միակամ: Մնանք հայկականութեան ակունքներուն` նոր կեանքով, սիրոյ եւ մխիթարանքի ապաստարաններով, որպէսզի իբրեւ ազգ, շարունակենք մեր ազգային երթը գիտակից աշխարհի պատմութեան մէջ:

Ճիշդ է` դժուար է կշռել տարողութիւնն ու ծանրութիւնը անհաւատալի եւ սրբազան կորուստներուն: Խունկ եւ աղօթք: Բայց պէտք է ականջ տալ նաեւ կեանքի թաքուն ձայներուն: Եւ քանի որ այս օրերուն ալ դէպքերը սկսած են վազել մեր ճակատագրի ետեւէն, ուստի ամէն բան բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել:

Յստակ է, որ մեր կեանքը ամէն տեղ սկսած է հիւծել մեր մարմինը: Կ՛ապրինք յուզուած, ընդվզումներով եւ նոյնիսկ անիծելով անյայտը: Բայց չմոռնանք, որ մեր անկախ եւ ազատ երկրի գոյութեան մէջն է մեր հոգեկան հիմքը: Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է միասին եւ միակամ լուսաւոր Հայաստան մը կառուցելու հրամայականը:

Դարերէն մեզի հասած պատգամ մըն է: Արդեօք ո՞ր օրուան կը սպասենք: Դո՛ւք ձեզի հարց տուէք:

[email protected]

Previous Post

Muslim Identity, Diversity And Difficulties With Assimilation – Analysis

Next Post

NewsTurkeyDecember 24 2020 08:57:00

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.