Լիբանանցիները Պէտք Է Մնան Իրենց Բնակարաններուն Մէջ, Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Կը Փակուի, Իսկ Բաց Կը Մնան Միայն Սննդամթերքի Վաճառատուներն Ու Դեղարանները
«Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով ամբողջ երկրի մակարդակին միջոցառումներու դիմելու նպատակով, նախագահական պալատը հիւրընկալեց շարք մը ժողովներ, որոնց ընթացքին տրուեցան որոշումներ:
Այդ որոշումներուն կողքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Հասսան Տիապ իրենց խօսքերը ուղղեցին լիբանանցիներուն` հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը պաշտպանելու համար:
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահին:
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ կառավարութեան փոխանցել, թէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար պէտք է ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարել:
Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Տիապ, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ եւ «Քորոնա» Ժահրին դէմ պայքարելու ազգային յանձնախումբին մօտ վարչապետի առողջապահութեան հարցերու ներկայացուցիչ Փեթրա Խուրի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Տիապի հետ:
Նիստէն ետք հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը որոշեց կառավարութեան յանձնարարել, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգին դէմ պայքարի երկիրը զօրաշարժի ենթարկելով, որդեգրելով կացութեան համապատասխան միջոցառումներ եւ որոշումներ, որոնք նախապէս կառավարութեան նիստին տրուած են:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, նախագահ Աուն նախագահեց կառավարութեան արտակարգ նիստին, որուն սկիզբը ան իր խօսքը յղեց լիբանանցիներուն` կոչ ուղղելով անոնց ազգային միասնականութեամբ դիմագրաւելու «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը` իր մարդկային եւ ընկերային խորքերով եւ նորարարութեամբ, «որովհետեւ բոլորս մէկ ենք այն վտանգին դիմաց, որ կը սպառնայ բոլոր լիբանանցիներու կեանքերուն` ամբողջ Լիբանանի տարածքին», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ համաշխարհային համաճարակ նկատուող «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող ոեւէ քաղաքացիի կամ Լիբանանի մէջ ապրող բնակիչի համար ինք պիտի չզլանայ պաշտպանութիւն ապահովել:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ներկայ կացութիւնը առողջապահական արտակարգ վիճակ կը նկատուի եւ կ՛ենթադրէ ընդհանուր զօրաշարժի յայտարարութիւնը:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ ներկայ փուլը յարմար չէ քաղաքական բանավէճեր սկսելու կամ պայմանները օգտագործելու` քաղաքական կէտեր արձանագրելու նպատակով:
Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները կոչուած են իրարու նկատմամբ մարդկային ազնուագոյն վարուելակերպին յանձնառու մնալու:
Նախագահ Աուն իր խօսքը աւարտեց ողջունելով եւ դրուատելով բոլոր բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք կը ծառայեն «Քորոնա» ժահրով վարակուածները բուժելու: Ան ապաքինում մաղթեց բոլոր վարակուածներուն` աւելցնելով, որ ինք կը խոնարհի «Քորոնա» ժահրի զոհերուն յիշատակին:
Կառավարութեան նիստը աւարտելէ ետք, վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ «Լիբանան արդէն իսկ առողջապահական արտակարգ վիճակի մէջ է, եւ այդ պատճառով ալ ընդհանուր զօրաշարժ կը յայտարարենք մինչեւ 29 մարտ 2020»:
Տիապ հաստատեց, որ կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները` երկրին սահմանադրութեան համաձայն, բարձրագոյն մակարդակի միջոցառումներ են:
Ան աւելցուց, որ ժամանակն է նեցուկ կանգնելու լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն:
Տիապ շեշտեց, որ ինք պիտի մնայ թափանցիկ եւ ճշմարտութիւնները ինչպէս որ են պիտի փոխանցէ լիբանանցիներուն:
Իր կարգին, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց 15 – 29 մարտ 2020 ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարել:
Ան հաստատեց, որ քաղաքացիները պէտք է մնան իրենց բնակարաններուն մէջ եւ անկէ դուրս գան շատ կարեւոր պարագաներու ընթացքին:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար ամէն տեսակի համախմբումներ պիտի արգիլուին:
Մանալ Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային անցքերը պիտի փակուին չորեքշաբթի, 18 մարտ 2020-էն սկսեալ մինչեւ 29 մարտ 2020:
«Պետական հաստատութիւնները, դպրոցները, համալսարաններն ու մանկամսուրները կը մնան փակ: Այս որոշումէն կը բացառուին Կեդրոնական դրամատունը, բոլոր դրամատուներն ու լումայափոխները: Քաղաքապետական խորհուրդներն ու համադաշնակցութիւնները, պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու ապահովական կառոյցները, առողջապահութեան նախարարութիւնը, հիւանդանոցներն ու դարմանատուները, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը (տաման), Պէյրութի միջազգային օդակայանի, ինչպէս նաեւ ցամաքային ու ծովային սահմաններու վարչութիւնները, Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, ջուրի ընկերութիւնները, ուժանիւթի նախարարութեան մաս կազմող նաւթի պեղման յատուկ տնօրէնութիւնը», ըսաւ ան:
Ապտել Սամատ նշեց, որ սեփական բոլոր վաճառատուները փակ կը պահեն իրենց դռները` բացի սննդամթերքի վաճառատուներէն եւ դեղարաններէն:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը առողջապահութեան նախարարութեան հետ կը գործակցի` ապահովելու համար Լիբանանի բժշկական կարիքներն ու պէտք եղած դեղորայքը:
Ապտել Սամատ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան որոշումները յայտարարելէ ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիէն, որուն հետ խօսակցութեան ընթացքին հաստատած է, որ կրակմարի դրութիւնը լրագրողներուն, լուսանկարիչներուն, էջադրողներուն, տպարանի պաշտօնեաներուն եւ ցրուիչներուն չի վերաբերիր:
Ապտել Սամատ նշեց սակայն, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` յանգելու այնպիսի գործիքակազմի մը, որ խմբագրատուները կամ սթիւտիոները լրագրողներով խճողուած չըլլան:
Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը պիտի արգիլեն համախմբումները, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպեն վաճառատուներ մուտք գործելու կարգը:
Ան ըսաւ նաեւ, որ ընդհանուր զօրաշարժին նպատակը համախմբումներու արգիլումն է, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պաշտպանութիւնը:
Ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին լիբանանցիները պէտք է մնան իրենց բնակարաններուն մէջ` հաստատելով, որ լիբանանցիներուն կողմէ սննդամթերք կամ դեղորայք գնելու համար տունէն դուրս ելլելը հարց պէտք չէ ըլլայ:
Հուպալլա շեշտեց, որ անձնական վաճառատուները պէտք է փակեն իրենց դռները, եթէ սննդամթերք կամ դեղորայք չեն ապահովեր:
Աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմին յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ընդհանուր զօրաշարժի օրերուն սարակներուն հարցը արծարծուած է, սակայն կարելի չէ եղած այդ իմաստով որոշումի յանգիլ: «Սակայն կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն այդ հարցը դարձեալ պիտի քննէ», ըսաւ ան:
Կառավարութեան նիստէն ետք Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, դրամատուները այսօր` երկուշաբթի, 16 մարտ 2020-ին փակ պիտի պահեն իրենց դռները, մինչեւ որ դրամատուներու ընդհանուր վարչութիւնները առիթ ունենան` ելեւմուտքի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը կարգաւորելու եւ 16-29 մարտի ժամանակաշրջանին համար աշխատանքային դրութիւն մը ստեղծելու:
Դրամատուներու միութիւնը հաստատեց, որ ինք քաղաքացիները տեղեակ պիտի պահէ իր առնելիք բոլոր քայլերուն մասին` հաստատելով, որ այդ քայլերը պիտի միտին դիւրացնել լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով Լիբանանի մէջ վարակուածներուն թիւը երէկ պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ:
Վերջին թիւը, որուն մասին յայտարարութիւն կատարուեցաւ, շաբաթ գիշեր էր, երբ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 110-ի:
Երէկ գիշեր Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր հաստատեց, որ Պաալպեքի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ մը, որ 12 անհատներու հետ շփումի մէջ եղած է, իսկ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի տնօրէնը իր կարգին հաստատեց, որ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի պաշտօնեաներէն մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի հետ:
Ասուլիսին ընթացքին Հասան շնորհաւորեց Չինաստանը` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով անոր իրականացուցած յառաջխաղացքին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանին, որ Լիբանանին նուիրած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու յատուկ սարքեր, ինչպէս նաեւ բժշկական օժանդակութիւններ:
Ուշ գիշերին Հասան յայտնեց, որ կառավարական հիւանդանոցները շրջելէ եւ հոն տիրող խոցելի կացութեան վկայ դառնալէ ետք որոշած է յայտարարել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու ազգային ֆոնտը: Ան աւելցուց նաեւ, որ այս առիթով մարտ ամսուան իր աշխատավարձը կը նուիրէ այդ ֆոնտին:
Նշենք, որ երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ եւ Շամել Ռուքոզ յայտնեցին, որ իրենց ամսական աշխատավարձը կը նուիրեն կառավարական հիւանդանոցներուն:
Ռուքոզ նշեց, որ իր ամսական աշխատավարձը կը նուիրէ Պուարի հիւանդանոցին, իսկ Ալամէ` Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի անձնակազմին:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրենց բնակարաններէն դուրս չելլելու, բացի խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:
Տար Ֆաթուա իր կառոյցներուն մէջ արտակարգ վիճակ յայտարարեց: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ մզկիթները փակ պիտի մնան եւ ուրբաթ օրուան նամազները պիտի չկատարուին: Ան կոչ ուղղեց բոլորին իրենց բնակարաններուն մէջ աղօթելու:
Նշենք, որ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդարանը կասեցուց Ս. պատարագներու մատուցումը, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի առաջնորդարանին պատկանող Լըհֆետի ամարանոցը պետութեան տրամադրութեան տակ դրաւ` զայն առողջական մեկուսարաններու վերածելու նպատակով: