Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան շնորհիւ կը բարելաւուի մարդասիրական կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Արդէն մէկ տարիէ աւելի է, որ մեր խաղաղապահները կ՛աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան պահպանման: Անոնց ջանքերուն շնորհիւ բարելաւուած է մարդասիրական կացութիւնը, շարք մը շրջաններու տարածքներ ականազերծուած են, վերականգնուած են ընկերային ենթակառոյցները, պահպանուած են պատմական եւ մշակութային յուշարձանները», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ընդլայնուած կազմի նիստին ընթացքին:
Փութին շնորհակալութիւն յայտնած է խաղաղապահ առաքելութիւն կատարող անձնակազմին արհեստավարժութեան, դիմացկունութեան եւ տոկունութեան համար: