Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Սիրելի՛ բարեկամ,
Մօտաւորապէս տարի մը առաջ ստացած էիր Ուղեցոյցիս առաջին օրինակը, այս մէկը, որ կոչած եմ (2)-րդ, ըստ էութեան անփոփոխ նոյնն է, որուն վրայ աննշան յաւելումներ կատարուած են, աւելի ճիշդը՝ աւելցուած են: Ամէն ուղեցոյց ժամանակին հետ որոշ թարմացումի կը կարօտի:Ուրեմն կը մնայ, որ ջնջես առաջին առաքումս եւ ներկայս ունենաս միայն աչքի առաջ, ապրիս անոր մտերմութեան մէջ, փորձես իւրացնել այնտեղ եղած առաջարկները, որոնք շատ երկար քնննութեան ու մտորումներու արդիւնք են եւ կը միտին միաօրինակութիւն մտցնել սփիւռքահայ ուղղագրրութեան մէջ՝ սպասելով, որ ան տարածուի օր մը ամբողջ հայերէնի վրայ:
Ոչինչ կ’արգիլէ,– ընդհակառահկը, խրախուսելի է,– որ տարածես զայն շրջապատիդ եւս: Կարելի է նաեւ մաս առ մաս հրատարակել զայն:
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ ծնունդ:
Արեւմտահայերէնի առձեռն ուղեցոյց (2)
(Ի պէտս զառածելոց)
*Մի՛ ըսէք ու գրէք ***Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք
- Աշխարհաբար
*Ակնոցներս դրի (յոգնակի՝ սխալ) ***ակնոցս դրի (ճիշդը՝ եզակի)
*Աղիտաբեր, աղիտալի ***աղէտաբեր, աղէտալի
*Ամարանոց, ձմերանոց ***ամառանոց, ձմեռանոց
*Ամենալաւագոյն ***ամենալաւ, լաւագոյն
*Ամենավատթարագոյն ***վատթարագոյն, ամենէն վատթար
*Ամպագորգոռ, վարվռուն ***ամպագոռգոռ, վառվռուն
*Ամսեկան, օրեկան ***ամսական, օրական
*Այլոք, այլօք ***այլովք
*Այսինչին փոխանցմամբ(ումով)՝ ***Ըստ այսինչին՝
*Այցեգիր ***այցագիր
*Աներհայր, աներմայր ***աներ, զոքանչ
*Անհեդեդ ***անհեթեթ
*Անձիք ***անձինք, անձեր
*Անյայտ կորսուած (կորսուիլ) ***անհետ կորսուած (կորսուիլ)
*Անպատրաստից ***յանպատրաստից
*Ապարանջա ***ապարանջան
*Առանց զէնքերու, սահմաններու ***առանց զէնքի, սահմանի (միշտ եզակի)
*Առընչութիւն, ***առնչութիւն,
ոչընչութիւն ոչնչութիւն
*Ատենուընէ, օրուընէ, մահուընէ ***ատենէ(ն), օրէ(ն), մահէ(ն)
*Ատօք ***ատոք
Նկատել նաեւ՝ բարւոք, նորոգ. այլեւ՝ արդեօք, առօք–փառօք, իրօք, օրօք
*Արարատեան Դաշտ, Սեւ Ծով, ***Արարատեան դաշտ, Սեւ ծով,
Սեւանայ Լիճ Սեւանայ լիճ
*Արժանին մատուցել ***արժանին հատուցել
*Բազմիցս անգամ ***բազմաթիւ անգամներ, բազմիցս
*Բաղխել, բղխիլ, զեղխ ***բախել, բխիլ, զեխ
*Բաղդ, բաղդաւոր ***բախտ, բախտաւոր
*Բարձրունք ***բարձունք
*Բացօդեայ ***բացօթեայ
*Բզքտել ***բզկտել
*Բութամատ, բունաւեր ***բթամատ, բնաւեր
*Գերեզմաննոց ***գերեզմանոց
*Գինեձօններ, զօրասիւններ, ***գինեձօներ, զօրասիւներ, փառատօներ
փառատօններ (ձօն-ձօներ, սիւն-սիւներ, տօն-տօներ)
*Գմբէթ ***գմբեթ
*Գործօն անդամ ***գործուն անդամ
*Երաժշտական գործիք ***նուագարան (instrument de musique)
*Երբեմններ, անգամներ ***երբեմն, յաճախ
*Երբէք, ուստէք, ուրէք ***երբեք, ուստեք, ուրեք
*(կ)Երեւի որ, կ’ըսեն որ, կը թուի որ, ***կ’երեւի թէ, կ’ըսեն թէ, կը թուի թէ,
կը կարծեմ որ, կ’ենթադրեմ որ… կը կարծեմ թէ, կ’ենթադրեմ թէ…
*Երկու գիրքեր կարդացի ***երկու գիրք կարդացի, երկու գիրքերը
կարդացի
*Երրեակ ***եռեակ
*Եւայլն, եւն ***եւ այլն
*Զբօսաշրջիկութիւն(ային, ական) ***զբօսաշրջութիւն(ային, ական)
*Զերթ ***զերդ (զի+արդ)
*Ընթեռնլի ***ընթեռնելի
*Թատրերգութիւն ***թատերգութիւն
*Թքնել, թքի-թքայ ***թքել, թքեցի
*Թփռտալ ***թպրտալ
*Ի զուր սպասում, ***զուր սպասում,
զուր սպասել ի զուր սպասել
*Ի մասին ***մասին
*Ինչո՞ւ համար ***ինչո՞ւ, բայց՝ ինչի՞ համար
*Լռելեան ***լռելեայն
*Խաղալիկ ***խաղալիք
*Խենդ ***խենթ
*Խնճոյք ***խնջոյք
*Խոնջէնք ***խոնջենք, խոնջանք
*Խորազննին, մանրազննին, ***խորազնին, մանրազնին,
խորաքննին, մանրաքննին խորաքնին, մանրաքնին
*Ծալլել, փետտել, փտտիլ ***ծալել, փետել, փտիլ
*Ծածք, ծածքել ***ծածկ, ծածկել
*Կամքէ առկախ (պատճառներով) ***կամքէ անկախ (պատճառներով)
*Կառուցանել, կառոյց ***կառուցել, կառուցեց
*Կեանքի սղութիւն (cherté de vie) ***ապրուստի սղութիւն
*Կեսուրմայր, կեսուրհայր ***կեսուր, կեսրայր
*Կը թուի որ, կը կարծեմ որ, ***կը թուի թէ, կը կարծեմ թէ,
կ’երեւի որ, կ’ենթադրեմ որ… կ’երեւի թէ, կ’ենթադրեմ թէ…
*Կիպրոսի դեսպանը Շուէտի մօտ ***Կիպրոսի դեսպանը Շուէտի մէջ
*Համարեա՛, համարեայ ***համարեա
*Հայկական ցեղասպանութիւն ***Հայոց կամ հայերու ցեղասպանութիւն
*Հաջս, հաչս, յաջս ***յաչս
*100-րդ ամեակ, 100-րդ յոբելեան ***100-ամեակ, 100-րդ տարեդարձ
*Հենց, հենք ***հէնց, հէնք
*Հէք ***հէգ
*Հէքիաթ, հէքեաթ ***հեքիաթ
*Հռոմէական Կայսրութիւն ***Հռոմէական կայսրութիւն
Առաջին Աշխարհամարտ Առաջին աշխարհամարտ
*Մեծ հայր, մեծ մայր (անջատ) ***մեծհայր, մեծմայր (միացած)
*Միմիանց ***միմեանց
*Միջնեմատ ***միջնամատ
*Մրմուր, մրմուռ ***մռմուռ
*Մրթմրթալ, մրթմռթալ ***մռթմռթալ (մռութին տակէն խօսիլ)
*Մօտս դրամ չունիմ ***քովս դրամ չունիմ, դրամ չունիմ
Արամին մօտ քնացայ Արամին տունը քնացայ
*Յանկերգ ***յանգերգ
*Յանձինս Մարկոսին ***յանձին Մարկոսին (եզակի)
Յանձին Մարկոսին ու Թորոսին յանձինս Մարկոսին ու Թորոսին (յոգնակի)
*Յետայսու ***այսուհետեւ, այդուհետեւ, այնուհետեւ
*Յետագայ ***հետագայ
*Յստակեցնել ***յստակացնել
*Նաշխուն ***նախշուն (արմատը նախշ է)
*Նօթ, նօտար, նօտր ***նոթ, նոտար, նոտր
*Շատ անգամներ ***շատ անգամ, բազմիցս
*Շարունակուիլ (սիրել, սիրուիլ ***շարունակել (սիրել, սիրուիլ,
սիրցնել) սիրցնել)
*Շնորհակալ (ըլլալ) մէկուն, ***շնորհակալ (ըլլալ) մէկէն,
շնորհակալութիւն քեզմէ շնորհակալութիւն (յայտնել) քեզի
*Շրթունք-շրթունքներ ***շուրթ-շուրթեր (կամ շրթունք՝ յոգնակի)
*Ոյժ, բոյժ, աշխոյժ…անոյշ, նմոյշ… ***ուժ, բուժ, աշխուժ, անուշ, նմուշ,
*Ոչ միայն…այլ, ոչ թէ միայն…այլ, ***ոչ միայն…այլեւ,
ոչ թէ…այլեւ ոչ թէ…այլ
*Որեւէ անցորդներ, այցելուներ… ***որեւէ անցորդ, այցելու (միշտ եզակի)
*Որոշ անձեր ***կարգ մը անձեր
*Որմով ***որով
*Պահուան ***պահու (ն), պահի(ն)
*Պէտք եմ երթալ ***Պէտք է երթամ
*Պտըտիլ ***պտտիլ
*Սուղ գին (վճարել) ***բարձր գին, թանկ (վճարել)
*Սուղ կեանք (vie chère) ***սուղ ապրուստ
*Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ ***սուրբ Սահակ եւ սուրբ Մեսրոպ
*Սպաննել-սպաննեցի ***սպանել-սպանեցի
*Սրբուհի Ագնէս ***սրբուհի Ագնէս
Սրբուհի Ագնէս Վարժարան Սրբուհի Ագնէս վարժարան
*Վոհմակ ***ոհմակ
*Օրեկան, ամսեկան ***օրական, ամսական, բայց՝ տարեկան
*Օրհնէնք ***օրհնենք, օրհնանք
*Տեղեակ ոճիրէն ***տեղեակ ոճիրին , տեղեկանալ ոճիրին,
ոստիկաններէն տեղեկանալ ոճիրին
*Փափաք (իլ) ***փափագ (իլ)
*Փոխանցել ***աւանդել, զեկուցել, ըսել, իմացնել, ծանուցել, հաղորդել, մատնանշել, յայտարարել, յայտնել, յանձնել, յղել, ներկայացնել, նուիրել, շնորհել, ուղղել, պատգամել, պարգեւել, պարզել, վստահիլ քարոզել…
*Քնքոյշ ***քնքուշ
- Գրաբար բառեր, ոճեր եւ ասոյթներ
Աշխարհաբարը զանազան կապերով կը շարունակէ առնչուիլ գրաբարին, յատկապէս բառերով, բառակապակցութիւններով, ասոյթներով ու դարձուածքներով, որոնց ճիշդ ու չափաւոր կիրարկութիւնը վայելչօրէն կը համեմէ մեր արդի լեզուն եւ որոնք, սակայն, յաճախ սխալ կը կիրարկուին: Յանձնարարելի է չկիրարկել ասոնք, եթէ ենթական բոլորովին ինքնավստահ չէ իր գիտելիքին: Կը բերենք այդպիսիներէն փոքրիկ փունջ մը. ուրեմն միշտ սխալ ու մերժելի է ձախի՝ մէկ աստղանիշ կրողը, եւ ճիշդը՝ աջին, երեք աստղանիշ կրողն է:
*ականէ-անուանէ ***յականէ-յանուանէ
*ամենայն դէպս ***յամենայն դէպս
*աւուր պատշաճի ***յաւուր պատշաճի
Կը նշանակէ օրուան պատշաճ(ող), օրուան յարմար(ող)՝ խօսք, հագուկապ, ընթացք, շարժում, վերաբերում եւ այլն:
*ակ ընդ ական ***ակն ընդ ական
*անձեռնամխելի ***անձեռնմխելի
*ատամ ընդ ատաման ***ատամն ընդ ատաման
*ափ ափոյ, յափ ափոյ ***ափ յափոյ
*եղբայրք ***եղբարք
*ետ կոչել ***յետս կոչել
Կը նշանակէ ետ կանչել, փոխաբերաբար՝ արտասանուած բառ մը կամ խօսք մը, տրուած որոշում մը, եղած կարգադրութիւն մը չեղեալ համարել, հրաժարիլ կատարուած ընտրութենէ մը կամ համաձայնութենէ մը եւ այլն:
*ըստ արժանւուն, արժանաւոյն ***ըստ արժանւոյն
*ըստ ինձ ***ըստ իս, ըստ ինծի
*թող զկանայս եւ զմանկտիք(ս) ***թող զկանայս եւ զմանկտի
Մանուկ գոյականը գրաբարի մէջ ունէր երկու յոգնակի՝ մանկունք եւ մանկտի. ուրեմն այս վերջինին հայցականը պիտի տայ զմանկտի: Իսկ կանայք՝ հայցականը կու տայ զկանայս:
*ի բերանէ քումմէ ***ի բերանոյ քումմէ
*ի զարմանք[1](յարգանք) ***ի զարմանս (յարգանս)
*ի զուր տեղ, զուր տեղ ***ի զուր
*ի ժամուն եւ տարաժամուն[2] ***ի ժամու եւ տարաժամու
*ի ծագիլ արեգական… ***ի ծագել արեգական…
*ի հետեւանք ***ի հետեւանս
*ի մասնաւորէ ***ի մասնաւորի
*ի մէջ այլոց ***ի միջի այլոց
*ի շնորհիւ ***շնորհիւ
*ի ուրախութիւն ***յուրախութիւն
*ի պահանջեալ հարկին ***ի պահանջել հարկին
*ի պէտքս եւ յումպէտքս[3] *** ի պէտս եւ յումպէտս
*ի սփիւռք եւ ի հայրենիք ***ի սփիւռս եւ ի հայրենիս
*ի ցոյց մարդոց ***ի ցոյց մարդկան
*ի օգուտ ***յօգուտ
*խորհուրդ մարդկանց… ***խորհուրդ մարդկան…
Գրաբարը կ’ըսէր մարդիկ–մարդկան, մինչ արեւմտահայերէնը կ’ըսէ մարդիկ–մարդոց, թոյլատրելի է ըսել նաեւ մարդկանց՝ արեւելահայերէնի հետեւողութեամբ: Սակայն մեր բառակապակցութիւնը մէկ մասն է գրաբարեան ասոյթի մը՝ «Խորհուրդ մարդկան, կամք Աստուծոյ»,– որ կը նշանակէ. «Մարդիկ կը մտածեն, կը խորհին (կը ցանկան, կը ծրագրեն եւ այլն) սակայն Աստուծոյ կամքն է, որ կը կատարուի»,– եւ պատշաճ է, ուրեմն, որ յարգենք գրաբարեան հոլովաձեւը:
*hիւրսն եկ… ***յիւրսն եկն[4]…
*ձայն բարբառոյ անապատի ***ձայն բարբառոյ յանապատի
*յորմէ յետէ, յորմեհետէ ***յորմէ hետ
*ոտնկայս, ոտնկաց, հոտնկաց ***յոտնկայս
*սպաս դնել ***ի սպաս դնել
*սրբութեան սրբոց ***սրբութիւն սրբոց
- 3. Կցական բարդութիւններ
Բաւական տարածում ունին կարգ մը յարադրական ձեւեր՝ բաղադրեալ յատուկ անուններ, յարադրաւոր բայեր, կայուն բառակապակցութիւններ և այլն, որոնք բառակազմական նոր միջավայրի մէջ կը վերածուին կցական կամ համադրական բարդութեան եւ որոնց ուղղագրութիւնը շատ յաճախ թերի է մեր մէջ: Մէկ ատղանիշով կը տրուի անջատ ձեւը, ապա երեք աստղանիշով՝ նոյնին համադիրը: Կը պահենք մեծատառի ու փոքրատառի ուղղագրական հարազատութիւնը:
* ամեն ամիս ***ամենամսեայ
* ամեն ժամ ***ամենժամեայ
* ամեն ամ (տարի) ***ամենամեայ
* ամեն օր ***ամենօրեայ
* ապրիլ 24 ***ապրիլքսանչորսեան
* առաջ քաշել ***առաջքաշում
* Արեւելեան Եւրոպա ***արեւելաեւրոպական
* ափ հանել ***ափհանում
* բարի դրացի(ներ) ***բարիդրացիութիւն, բարիդրացիական
* բաց թողել ***բացթողում
* դուրս բերել ***դուրսբերում
* դուրս գրել ***դուրսգրում
* ետ դառնալ (դարձնել) ***ետդարձ
* իրար անցնիլ ***իրարանցում
* ինծի պէս ***ինծիպէսը, -պէսին, -պէսէն, -պէսով
ինծիպէսները, -ներուն, -ներէն, -ներով
մեզիպէսը…մեզիպէսները…
Այս նոյն ձեւով ալ կը կցուին միւս դէմքերն ու թիւերը՝ քեզի պէս-քեզիպէսները, քեզիպէսին, քեզիպէսէն, քեզիպէսով. իրեն պէս, անոր պէս, մեզի պէս, ձեզի պէս, իրենց պէս, անոնց պէս…:
* լոյս ընծայել ***լոյսընծայում
* Կարմիր բանակ ***կարմիրբանակային
* Հարաւային Ամերիկա ***հարաւամերիկեան
* հարաւ-արեւելք ***հարաւարեւելեան
* հարաւ-արեւմուտք ***հարաւարեւմտեան
* հիւսիս-արեւելք ***հիւսիսարեւելեան
* հիւսիս-արեւմուտք ***հիւսիսարեւմտեան
* Հարաւային Ափրիկէ ***հարաւափրիկեան
* հարիւր հազար ***հարիւրհազարաւոր
* հարիւր հազարերորդ ***հարիւրհազարերորդ, 100.000-րդ
* հարիւր հազարական ***հարիւրհազարական, 100.000-ական
* հարիւր քսան հինգ ***հարիւր քսանհինգերորդ,
* հինգ հազար (ական) ***հինգհազարերորդ (ական)
* հինգ վանկ ***հինգվանկանի, 5-վանկանի
* հինգ հարիւր տարի ***հինգհարիւրամեայ, 500-ամեայ
* Հիւսիսային Ամերիկա ***հիւսիսամերիկեան
* հիւսիս-արեւելեան ***հիւսիսարեւելեան
* հիւսիս-արեւմտեան ***հիւսիսարեւմտեան
* ձեռք բերել ***ձեռքբերում
* ձեռք ձգել ***ձեռքձգում
* ձեռք սեղմել ***ձեռքսեղմում
* մայիս մէկ ***մայիսմէկեան
* մայր ցամաք ***մայրցամաքային
* մանր բուրժուա ***մանրբուրժուական
* մէկ դար ***մէկդարեայ (կամ՝ եան, տասնադարեան)
* մէկուկէս դար ***մէկուկէսդարեայ
* մէջ բերել ***մէջբերելի, մէջբերում
* Մերձաւոր Արեւելք ***մերձարեւելեան
* Միջին Ասիա ***միջինասիական, միջինասիացի
* Միջին Արեւելք ***միջինարեւելեան, միքջինարեւելքցի
* միջին հայերէն ***միջինհայերէնեան
* Մուսա լեռ ***մուսալեռցի
* Նիւ Եորք ***նիւեորքեան, նիւեորքաբնակ, նիւեորքահայ
* Նոր գիւղ ***նորգիւղեցի (ոչ՝ նորգիւղացի)
* նոր սերունդ ***նորսերնդական
* չորս գլուխ ունեցող ***չորսգլխանի
* Սայաթ Նովա ***սայաթնովայագէտ, (-գիտութիւն)
* Սեւ ծով ***սեւծովեան
* Սուրբ գիրք ***սուրբգրային
* Սուրբ ծնունդ ***սուրբծննդեան
* Վայոց ձոր ***վայոցձորեցի
* Փոքր Ասիա ***փոքրասիական, փոքրասիացի
Ծանօթ.– Երբ բարդ բառին բաղադրիչները միութեան գծիկով կապուած են, ածանցումի առթիւ գծիկը դուրս կը մնայ. օրինակ՝ հարաւ-արեւելք > հարաւարեւելեան, հիւսիս-արեւմուտք > հիւսիսարեւմտեան եւ այլն:
- Արեւելաբանութիւններ
Այսպէս կը կոչենք լեզուական այն տարրերը, որոնք յառաջացած են արեւելահայերէնի մէջ եւ խորթ են արեւելահայուն եւս, բայց կա՛ն զանոնք կիրարկողներ, միւս կողմէ կոյր ընդօրինակումներ կամ հետեւութիւններ են օտար լեզուներէ, յատկապէս՝ ռուսերէնէ: Արեւելահայերէնի հետ մեր շփումներու աճը պատճառ կը դառնայ, որ այսպիսիները ազատօրէն մուտք գործեն նաեւ արեւմտահայ լեզուական բարքերու մէջ:
Ստորեւ կը բերենք անոնց մէկ քանին:
* արգելափակել … կը նշանակէ խուցի մը մէջ դնել ու փակել դուռը, բանտարկել. կ’արգելափակենք գողերը, մարդասպանները, վայրի գազանները, որոնք նիւթական ու մարմնական սպառնալիք կը ներկայացնեն մարդկութեան: Սակայն սովորական արգելքներու համար կը գործածենք՝ արգելակել, խափանել, կասեցնել, խոչընդոտել, սառեցնել, երբ կը վերաբերի մարդկային մերժելի արարքի մը. օրինակ՝ ցոյցի մը, հաւաքի մը, ելոյթի մը, դասախօսութեան մը, քարոզչութեան մը, հրատարակութեան մը եւ այլնի:
* այն մասին …անհանդուրժելի աւելորդաբանութիւն մըն է, երբ կը մտնէ գլխաւոր նախադասութեան եւ ստորադաս նախադասութեան միջեւ ու կ’ապականէ մեր խօսքը. օրինակ՝ «Հիմա պիտի պատմեմ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պատահեցաւ արկածը»: Ջնջե՛նք զայն, եւ ոչինչ պիտի կորսնցնէ մեր խօսքը, ընդհակառակը աւելի պիտի աշխուժանայ ու գեղեցկանայ ան:
Պէտք չէ ըսել նաեւ այն նպատակով եւ այն պատճառով, այլ պէտք է ըսել որպէսզի, որովհետեւ. օրինակ՝
—Անոնք մեզի դիմեցին այն նպատակով, որ կաշառեն մեր շարքերը:
Անոնք մեզի դիմեցին, որպէսզի կաշառեն մեր շարքերը:
—Հիմա ձայնը չի լսուիր այն պատճառով, որ իրեն հաւատացող չմնաց:
Հիմա ձայնը չի լսուիր, որովհետեւ իրեն հաւատացող չմնաց:
* արդիւնքով, իբրեւ արդիւնք, իբրեւ հետեւանք …արեւելահայերէնի արդիւնքում ըսուածն է, որ ռուսերէնէ առնուած է. պէտք է ըսել՝ շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով կամ բերումով:
* կապակցութեամբ … կեղծ, յերիւրածոյ, տափակ ու բռնազբօսիկ յետադրութիւն մըն է, որ ամէն քայլի սկսած ենք կիրարկել. «Այդ հարցի կապակցութեամբ ըսելիք չունիմ»: Պէտք է ըսել՝ առթիւ, մասին, առնչութեամբ. «Այդ հարցի առնչութեամբ ըսելիք չունիմ»:
– «Ողբը գրուած էր Աղուանից իշխանի մահուան կապակցութեամբ»:
«Ողբը գրուած էր Աղուանից իշխանի մահուան առթիւ»:
* կողմէ…
Մի՛ ըսէք. «Յաճախորդին կողմէ պահանջուած գումարը»:
Այլ ըսէք. «Յաճախորդին պահանջած գումարը»:
* վերաբերեալ
* տալ եւ փոխանցել
– Կու տանք, ինչ որ ունինք, օրինակ՝ գիրք մը, դրամ, խելք եւ այլն:
– Կը փոխանցենք, ինչ որ ստացած ենք ուրիշներէ. օրինակ՝ լեզուն, հայրենիքը, իշխանութիւնը, ժառանգ մը, ֆութպոլի գնդակը եւ նման բաներ:
Ուրեմն՝ սխալ է ըսել. «Վեհափառը իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն»,– քանի որ վեհափառը այդ պատգամը ուրիշէն ստացած չէր, այլ ի՛նք յղացած ու շարադրած էր զայն. պատգամը կը յղենք, կու տանք:
Սխալ է նաեւ ըսել. «Հաւատացեալները իրենց շնորհաւորութիւնը փոխանցեցին վեհափառին»,– այլեւ Թորոսին, Մարկոսին կամ ուրիշին. շնորհաւորութիւնը կը յայտնենք, կը ներկայացնենք:
* ցանկացած … փոխանակ ըսելու որեւէ (ցանկացած օր = որեւէ օր):
Իսկական վարակ մըն է այս, որ հասած է գրեթէ ամէն տեղ:
[1] Ի+հայցական կառոյցները, օրինակ՝ ի գիտութիւն, ունին իրենց սաստկական տարբերակները եւս, օրինակ՝ առ ի գիտութիւն, առ ի տեղեկութիւն, առ ի զգուշութիւն, առ ի նախատեսութիւն եւ այլն, որոնք շատ կիրարկուած են աշխարհաբարի մէջ:
[2] Կը նշանակէ յարմար եւ անյարմար ժամանակ(ի մէջ):
[3] Կը նշանակէ պիտանի կամ օգտակար ու անպէտ կամ անօգուտ ճամբով, եղանակով:
[4] «Յիւրսն եկն եւ իւրքն զնա ոչ ընկալան» (Յովհ. Ա/11). «Իւրայիններուն եկաւ, եւ իւրայինները չընդունեցին զինք» կամ «Հարազատներուն եկաւ, եւ հարազատները չընդունեցին զինք»: