Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
***Երեւան, 23 յունուարի, Արմէնփրես: «Իտալիան արգելափակել է «TikTok»-ը որոշ օգտատէրերի համար…»:
—Այս ալ արգելափակումի ուրիշ այլանդակ պարագայ մը, որ այլեւս…չի զարմացներ, երբ նկատի ունենանք, որ անոր ետին կեցողը «Արմէնփրես»-ն է, որուն հայագիտական մակարդակին ու ճաշակին, այլեւ հայեցի զգացողութեան ծանօթ է սփիւռքահայ ընթերցողը: Կը մնայ, որ արժանանանք այն բախտին, ուր կարելի դառնայ այս կայքի այլասերած անձնակազմը խմբովին արգելափակել ս. Խաչի սիւնազարդ խուցերուն մէջ եւ օրական գոնէ երեք անգամ գանակոծել, մինչեւ որ քիչ մը հայանան եւ քիչ մըն ալ հայերէն սորվին:
***«Թուրք-ազերիական համատեղ զօրավարժութիւններից ընդառաջ»:
—Ընդառաջ կապական բառը տրական հոլով խնդիր կը պահանջէ ընդհանուր հայերէնի, ուրեմն՝ նաեւ արեւելահայերէնի մէջ, ուստի պէտք է ըլլայ՝ զօրավարժութիւներին ընդառաջ:
***Մայր աթոռը. «Աջակցինք Արցախին»՝
ԱՊԱՀՈՎԻՐ ՍՆՈՒՆԴ, ԿԱՑԱՐԱՆ, ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹՅԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐՈՎ. ՄԵԿ ՄԱՐԴԸ՝ 125 ԴՈԼԱՐ ԱՄՍԵԿԱՆ, ՄԵԿ ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ԲԱՂԿԱՑԱԾ 2-4 ՀՈԳՈՒՑ՝ 220 ԴՈԼԱՐ ԱՄՍԵԿԱՆ, ՄԵԿ ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ԲԱՂԿԱՑԱԾ 5-7 ՀՈԳՈՒՑ 275 ԴՈԼԱՐ ԱՄՍԵԿԱՆ
—Ուրեմն Մայր աթոռն ալ յետին ռամիկին պէս սկսած է շփոթել ամսականն ու ամսեկանը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ուրիշ բաներու հետ տարրական հայերէնագիտու- թիւնն ալ սկսած է նահանջել այնտեղէն, որ ատենին հայագիտութեան փարոս մըն էր:
*** «Հայաստան բերած նաւին այնքան թունդ կը հայհոյի, որքան թունդ կանայք էին անիծում…» (Գրիգոր Ջանիկեան, «Գրական թերթ»):
—Ուրիշ ցաւ մըն ալ «Գրական թերթ»-ի լեզուական զառածումներն են, որոնք հետզհետէ նոր ոլորտներ կը նուաճեն: Ահա նմուշ մը. ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ «թունդ կանայք» բառակապակցութեամբ: Ըսենք՝ օղիին թունդը,– մանաւանդ եթէ Քարահունջի է,– գինիին թունդը, այլեւ քացախինն ու …հայհոյանքինն ալ՝ ասոնք բոլորը ըմբռնելի են, սակայն ինչպիսի՞ն կրնայ ըլլալ …թունդ կինը:
Հարցը իքնիրեն կը լուծուի, եթէ թունդ ածականը դնենք իր բո ՛ւն տեղը, այսինքն՝ «որքան կանայք էին թունդ անիծում»,– ուրեմն կանայք չէ որ «թունդ» էին, այլ անոնց անիծելու ոճը, եղանակը: Իսկ թէ ինչպէ՞ս պէտք է որակել թունդ անիծող կանայք,– Ջանիկեան հանգիստ կրնայ մտածել այս մասին:
*** «Ընդամենը Լեռնային Ղարաբաղ մշտական բնակության վայր է վերադարձել 48 հազար 241 փախստական»։
—Ուրիշ շուարած մըն ալ այս տողը գրողն է՝ ընդամէնը Լեռնային Ղարաբաղ…
«Լեռնային Ղարաբաղ… է վերադարձել ընդամէնը 48 հազար 241 փախստական»:
«Լեռնային Ղարաբաղ… է վերադարձել ընդամէնը 48. 241 փախստական»։
«Լեռնային Ղարաբաղ… է վերադարձել ընդամէնը 48. 241 տեղահանուած»:
Ծանօթ.–Հայը փախստական կը կոչէ այն գողը, ոճրագործը կամ որեւէ այլ կարգի յանցագործ, որ կը խուսափի օրէնքէն ու անոր պատիժէն եւ կը թաքցնէ իր հետքը:
* * *
Մրցոյթ 1.«Աշխարհի ամէնէն մեծ ձմեռնային փառատօնը Չինաստանի մէջ»:
Ճիշդը՝ «Աշխարհի ձմեռնային ամէնէն մեծ փառատօնը՝ Չինաստանի մէջ:
«Աշխարհի ձմեռնային մեծագոյն փառատօնը՝ Չինաստանի մէջ»:
Անթերի պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան, Մանուէլ Ֆարաճեան, Լեւոն Շառոյեան, ԴանիէլԹիւֆենքճեան:
Ուրեմն՝ մէկ կողմէ փոխանակեցինք ամէնէն մեծ (=մեծագոյն) եւ ձմեռնային բառերուն տեղերը, միւս կողմէ՝ բութ մը աւելցուցինք «Չինաստանի մէջ» բառակապակցութենէն առաջ: Բոլոր մասնակիցները դրած են այդ բութը: Ուրեմն կը բացատրեմ միայն երկու ածականներու տեղափոխութեան պատճառը:
Մեր ածականները կը բաժնուին երկու մեծ խումբի.
ա)անոնք, որոնց վրայ կարելի է դնել աւելի, նուազ, ամէնէն բաղդականները. օրինակ՝ մեծ-աւելի մեծ-նուազ մեծ-ամէնէն մեծ, սուր-աւելի սուր-նուազ սուր-ամէնէն սուր, ուրախ-աւելի ուրախ-նուազ ուրախ-ամէնէն ուրախ եւ այլն:
բ) Անոնք, որոնց վրայ չենք կրնար դնել յիշեալ բաղդատականները. օրինակ՝ մայրական, լեռնային, երկաթեայ, ձմեռնային…ասոնց վրայ չենք կրնար աւելցնել աւելի, նուազ, ամէնէն բաղդատականները. անիմաստ է ըսել՝ աւելի մայրական, նուազ լեռնային, ամէնէն երկաթեայ եւ այլն:
Խօսքի մէջ, երբ ասոնք միաժամանակ վերաբերին նոյն գոյականին, պէտք է գրել նախ բ. խումբի ածականը, ապա՝ ա. խումբի ածականը, վերջապէս գոյականը:
Այսպէս՝
մայրական քնքուշ սէր
լեռնային առողջարար կլիմայ
երկաթեայ խոշոր դուռ
ձմեռնային (ամէնէն) մեծ(ագոյն) փառատօն…
* * *
Մրցոյթ 2. Լրագրող մը սապէս խորագրած է իր յօդուածը.
«Պուրսայի մէջ վաճառքի դրուած է եկեղեցի մը»:
Յօդուածին ընթերցումէն ի յայտ կու գայ, որ լրագրողը անցեալին ականատես եղած է վաճառքի դրուած այլ եկեղեցիի մըն ալ:
Հարցում. ինչպէ՞ս պիտի դասաւորենք «եւս» շաղկապը վերի խորագիրին մէջ, որպէսզի ընթերցողը իմանար, թէ նախապէս վաճառքի դրուած այդ եկեղեցին՝
ա) իր կարգին կը գտնուէր Պուրսա քաղաքին մէջ:
………………………………………………………………………………
բ) կը գտնուէր Պուրսայէն տարբեր վայրի մը մէջ:
………………………………………………………………………………