(Հին պատկեր՝ նոր մտահոգութիւններու առջեւ)
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Յետեղեռնեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթականութեան միայն չնչին տոկոսը գրական արեւմտահայերէնը գիտէր: Մեծամասնութեամբ թրքախօս, մասամբ արաբախօս ու քրտախօս էին հայկական հիւղաւաններուն բնակիչները: Շատերու համար հայերէնը իրենց հայրական բարբառն էր, ու բազմաթիւ էին անոնք:
Հայ դպրոցին մեծագոյն առաքելութիւնը պիտի ըլլար արեւմտահայերէնի տարածումը:
Ա.- Արեւմտահայերէնը եւ թրքախօսութիւնը
Բոլորը թրքերէնը գիտէին եւ բնականաբար՝ Պէյրութի, Հալէպի, Պաղտատի, Մուսուլի եւ մնացեալ խառն բնակչութեամբ վայրերուն մէջ տարածուեցաւ թրքերէնը իբրեւ հաղորդակցութեան լեզու: Թրքախօսութիւնը ընթացիկ երեւոյթ էր Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթակայաններուն մէջ: Աւելի մտահոգիչ էր մանաւանդ այն զանգուածի պարագան, որուն մայրենին թրքէրէնն էր: Դեռ 1919-ին ասիկա օրակարգի նիւթ կը դառնայ. «Ցաւալի է այն երեւոյթը, որուն ականատես կ’ըլլանք ամէն օր: Քիչ չէ թիւը կայտառ, վառվռուն հայ փոքրիկներուն, որոնք, ցաւալի՛ իրողութիւն, հայերէն չեն կրնար խօսիլ: Ասոնք, հայութեան ապագայ սերունդը, զրկուած են իրենց մայր լեզուէն եւ թողուած են ասդին-անդին թափառական… Մեծ է տոկոսը չափահաս կիներու եւ այրերու, որոնք բացարձակապէս անտեղեակ են հայերէնին:…Պէտք է մեր ազգային մարմինները լուրջ նկատողութեան առնեն թրքախօսութիւնը, եւ միջոցներ ստեղծեն զայն դարմանելու: Բոլոր թրքախօս մանուկները պէտք է ԴՊՐՈՑ ՂՐԿՈՒԻՆ:… Իւրաքանչիւր հօր, մօր պարտականութիւնն է նախ եւ առաջ իր տղուն, աղջկան հայերէն սորվեցնել» (Շերամ Ստեփանեան, «Թրքախօսութիւնը», Կիլիկիա եռօրեայ, Ատանա, Ա. տարի, թիւ 6, 14 Մարտ 1919:)
Թրքերէնը կ’ապրէր ոչ միայն ընտանիքին մէջ, այլեւ բեմի վրայ: Այդ թուականներուն դպրոցական հանդէսներուն մէջ թրքերէն զաւեշտ ալ կը ներկայացնէին փոքրիկները՝ ի սէր մեծերուն, որոնցմէ շատերը միայն թրքերէն գիտէին: Այդ հանդէսները նիւթական եկամուտ մը կը բերէին, եւ անոնցմէ հրաժարիլ այդքան ալ դիւրին չէր գրական հայերէնը չհասկցող ծնողաց մեծ զանգուածին համար: Եկեղեցւոյ մէջ քարոզը կը տրուէր թրքերէն, խորհուրդները, աւետարանները կը թարգմանէին թրքերէն: Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր երգերը թրքերէն էին: Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ հայատառ թրքերէն պարբերականներ լոյս կը տեսնէին, մեծ մասով հոգեւոր, նաեւ տարաբնոյթ թրքերէն գիրքեր (Հալէպի նոր գաղութին մէջ հայատառ թրքերէն պարբերականներ էին Նոր Աւետաբեր (1928-1934) շաբաթաթերթը, որ ունէր հայերէն տարբերակ եւս, Սապահ Եըլտըզը (Լուսաստղ, 1926-1927), Մարանաթա (Տէրը կու գայ, 1925-1963) եւ Ֆուրսաթը Զայ Էթմէ (Առիթը մի՛ փախցներ. ձեռագիր, 1928) ամսաթերթերը): Կը հրատարակուէին ժողովրդական շունչով հայատառ թրքերէն ընդարձակ ոտանաւորներ (տեսթան): Հայրենակցական խիտ շրջանակներու մէջ կը գործէր բարբառը: Օրինակ, Քեսապի առաքելական եկեղեցիներու մէջ կը լսուէր բարբառը, իսկ աւետարանական եւ լատին-կաթոլիկ եկեղեցիներու մէջ՝ թրքերէնը, որովհետեւ օտար միսիոնարներէն շատերը միայն թրքերէն գիտէին: Ընտանեկան խրախճանքներն ու հանդէսնեերը կը կատարուէին թրքերէն խօսակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ:
Դպրոցը, թերթը, ակումբը մեծ պայքար տարին, որ հայերէնը տարածուի: Հայերէնի տարածման ամենէն ապահով կռուանը դպրոցն էր: Մերձաւոր Արեւելքի նոյնիսկ հեռաւոր անկիւններուն մէջ 20-30 աշակերտի համար դպրոց հիմնելու յամառ աշխատանք կար: Դպրոց բանալը եկեղեցի մը հիմնելէ առաջ կու գար: Հայերէնի ուսուցումը կրթական ծրագիրին առանցքը կը կազմէր: Հայերէնի տարածման պայքարը անցաւ մարզական, երիտասարդական, բարեսիրական միութիւններուն, բոլոր ակումբներուն մէջ կային գրադարաններ, ընթերցանութիւնը կը քաջալերուէր: Մամուլը իր կարգին լայնօրէն կ’արձագանգէր այս երեւոյթին: «Եփրատ» օրաթերթի լրատուական սիւնակներուն մէջ յաճախ քննադատութիւն կայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ պաշտամունքները թրքերէնով կատարելու, իսկ քահանայ հայրերուն` ժողովուրդին թրքերէնով դիմելու, քարոզելու եւ փակման խօսք ընելու յամեցող երեւոյթներուն դէմ (Տե՛ս «Թրքախօսութիւն», Եփրատ, 16 Մայիս 1928, թիւ 89. նաեւ նոյնը՝ Խմբագրական, «Մեր ընտանեկան հաւաքոյթները», 26 Մայիս 1928, թիւ 92. նաեւ նոյնը՝ Բ. Ս.{Բաբգէն Սրբազան}, «Թրքախօսութիւնը», 30 Մայիս 1928, թիւ 93):
Բաբգէն եպիսկոպոս Կիւլեսէրեան (յետոյ աթոռակից կաթողիկոս) ընդարձակ յօդուածով մը կ’անդրադառնայ հայոց կարգ մը շրջանակներու մէջ տարածուած թրքախօսութեան պատմական ու քաղաքական պատճառներուն, ինչպէս որ կան քրտախօս, արաբախօս, վրացախօս հայեր եւս: Համոզում կայ, որ թրքախօսութիւնը կը յաղթահարուի ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՄԲ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒՈՎ (Բաբգէն եպիսկոպոս (Կիւլեսէրեան), «Հայերը եւ թիւրք լեզուն», Տաթեւ կրօնական տարեգիրք, Ե. գիրք, 1929, էջ 5-34):
Հայերէնի ուսուցումը դժուարութեամբ կ’ընթանայ յատկապէս թրքախօսութեան պատճառով, տրուած ըլլալով որ մեծամասնութիւն կը կազմեն թրքախօս շրջաններէ եկող ծնողներուն զաւակները: Հալէպի Սահակեան վարժարանի տնօրէնը կը տեղեկագրէ. «Ամեն առթիւ պաշտօնակցուհիներու ուշադրութիւնը հրաւիրած ենք հայերէն լեզուի բացառիկ կարեւորութեանը վրայ եւ զայն հետաքրքրութեան նիւթ դարձուցած՝ նկատի ունենալով մա՛նաւանդ աշակերտութեան թրքախօսներու կարեւոր մասը. միշտ խրատել, մերթ սպառնալ ու պատժել, օգնել ու միշտ սորվեցնել. ահա՛ մեր ըրածը: Խղճի կատարեալ հանգստութեամբ կարելի է ըսել, որ տրուած պայմաններուն մէջ բաւարար արդիւնք ձեռք բերուած է այս ուղղութեամբ: Կայ այն իրողութիւնը, որով թրքախօսները սկսան հայերէն խօսիլ նաեւ ԴՊՐՈՑԷՆ ԴՈՒՐՍ (հակառակ անոր որ ծնողները մեզի չօգնեցին մեր այս աշխատանքին մէջ): Իսկ ուսման միւս ճիւղերը, բաղդատմամբ հայերէնի, աւելի դիւրութեամբ կրցանք սորվեցնել բոլոր կարգերուն, եւ օրէ օր մտքի բացուիլը տեսնել մեր երկսեռ աշակերտներուն ու հրճուիլ ներքուստ (որ կը կազմէ հոգեկան վարձատրութիւնը ուսուցչին)» (Յակոբ Չոլաքեան, Ութսունամեակ Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի, 1927-2007, էջ 63-64): Լաթաքիոյ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի տեսուչ Վահան վրդ. Գէորգեան կը գրէ. «Ցաւալի է խոստովանիլ, որ տեղւոյս ժողովուրդը մեծ մասամբ թրքախօս է: Ամէն ճիգ կը թափեն հայերէնը ընդհանրացնելու: Կարօտութիւնը մեծ է գիրքերու ու թերթերու» («Գաղութներ», Հայաստանի կոչնակ, 14 Յունուար 1928, թիւ 2, էջ 58բ): Համայի նորաբաց վարժարանին տուած իր այցելութենէն ետք Սահակ Բ. կաթողիկոսը Հայ տարագրելոց նպաստամատոյց կեդրոնական մարմնին կը գրէ. «Ամավերջի քննութեան տարագիր ծնողք տեսնելով որ իրենց թրքախօս մատաղ մանկտիք հայերէն կը թոթովեն, քաջալերուած՝ կ’որոշեն օգնական ուսուցիչ մը հրաւիրել տարեկան երեսուն օսմանեան հնչուն ոսկիով. մենք ալ հիացմամբ տեսնելով այս ափ մը ժողովուրդին օրինաւոր փափաքները՝ խոստացանք 30 ոսկին մուրալ եւ օգնել իրենց» («Տեղեկութիւններ Սուրիոյ հայ գաղթականութեան մասին», Հայաստանի կոչնակ, Նիւ Եորք, 17 Նոյեմբեր 1923, թիւ 46, էջ 1459բ):
Իւրօրինակ պատիժներ սահմանուած էին թրքերէն խօսող դպրոցականներուն համար. օրինակ, «Թրքերէն խօսողին կը յանձնուէր կլորակ թիթեղի կտոր մը, որ «մետալ» կը կոչուէր, որուն վրայ գտնուող ծակէն դերձան մը անցուած էր: Ուսուցչուհին զայն կը յանձնէր իր դասարանի ճարպիկ աշակերտներէն մէկուն, ան ալ աղուէսի նման դարան կը մտնէր եւ կը փնտռէր մէկը, որ թրքերէն կը գործածէր, եւ անոր վիզէն կ’անցընէր զայն: Այսպէս՝ ամբողջ օրը մէն մի թրքերէն խօսողին վիզէն կը կախուէր այդ «մետալ»ը: Երեկոյեան ուսուցչուհին ամեն մէկ ստացողին անունը կ’արձանագրէր իր տետրակին մէջ, շաբթուան վերջին օրը ներկայացնելու Պրն. Տնօրէնին, որպէսզի անոր համեմատ պատիժ մը ստանայ» (Վեր. Պարգեւ Օրջանեան, Բեթէլ, էջ 12-13): Ցանկալի չէր նաեւ բարբառի գործածութիւնը: Քեսապի մէջ վիզի դերձանէ օղակին խխունջի պատեան մը կ’աւելցնէին իւրաքանչիւր բարբառային բառին համար: Արձակուելէ առաջ ուսուցիչը տետրակին մէջ կ’արձանագրէր խխունջի պատեաններուն թիւը: Փոքրիկները ամեն օր կը փորձէին պակսեցնել անոնց թիւը:
Այդ տարիներուն շատ մայրեր գրական հայերէն չէին գիտեր, շատեր հայերէն չէին գիտեր, բայց իրենց զաւակները դպրոցէն բերին հայերէնը, արհեստաւոր փոքրիկ տղաք ակումբէն բերին հայ գիրքը ու դուրս շպրտեցին հայատառ թրքերէն թերթը, վէպը, Ս. գիրքերը: Շատ հոգաբարձուներ հայերէն չէին գիտեր: Թրքերէնի, քրտերէնի, արաբերէնի ու նոյնիսկ բարբառի դէմ ինչ հաւատքով պայքարեցանք ու յաղթեցինք: Այդ հայերէն չխօսող սերունդէն ծնան Մուշեղ Իշխանի գրչակիցները: Ասիկա համաժողովրդական պայքար մըն էր: Դեռ մինչեւ 1960-ական թուականները Հալէպի ու Պէյրութի խանութներուն մէջ կախուած է յայտնի նշանախօսքը. «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ»:
Վեր Պարգեւ Օրջանեան Հալէպի Բեթէլ վարժարանի իր աշակերտական 1920-ական տարիները յիշելով կը գրէ. «Այսպիսի թրքախօս միջավայրի մը մէջ հասակ նետող մանուկը հայախօս դարձնել հրաշքի համազօր էր, բայց կարելի եղաւ շնորհիւ մեր մշակներուն անխոնջ աշխատանքին: Կ’արժէ անոնց յուշարձանները կանգնեցնել իրենց հայապահպանումի աշխատանքին որպէս վարձք: Մեզի արգիլուած էր խաղերու պահերուն թրքերէն բառ մը իսկ գործածել: Ան եղաւ մեր հայախօսութեան խմորը: Անոնք մեր մէջ արծարծեցին հայերէնի հանդէպ սէր, մեզի դասաւանդելով ոսկեղնիկ լեզուն եւ կերտելով հայու հոգին» ( Վեր. Պարգեւ Օրջանեան, Բեթէլ, էջ 12):
Այսուհանդերձ թրքերէնը առօրեայ հաղորդակցութեան եւ նոյնիսկ ընտանիքի մէջ կը շարունակէ ապրիլ, երբ հայերէնը արդէն ծանօթ է բոլորին: Դպրոցէն ներս ալ հայերէնի ուսուցման ճիգերը չեն արդիւնաւորուած ակնկալուածին չափով: 1942-ին Միքայէլ Նաթանեան՝ Բարեգործականի երկար տարիներու կրթական քննիչը, երեւոյթը ներկայացնելով կը գրէ. «Կը հետեւցուի թէ՝ ազգովին եւ անխտիր արտակարգ ճիգ մը կարեւոր է Մեսրոպեան բարբառը վերահաստատելու համար՝ բնականաբար առանց յուսալքուելու, առանց տկարանալու թրքախօսներու մտայնութեան դէմ պայքարին մէջ» (Միքայէլ Նաթանեան, «Լեզուական հարցը Սուրիոյ մէջ եւ հայերէնի ապագան», Սիոն, 1942, թիւ 5-6, էջ 116-117):