ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
(Հին պատկեր՝ նոր մտահոգութիւններու առջեւ)
Գ.- ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ԱՐԱԲԱԽՕՍՈԵԹԻՒՆԸ (Հին շրջան)
Սուրիոյ հին գաղութին մէջ արաբախօսութիւնը տարածուած էր. արաբախօս էին Հալէպի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի հին հայերը՝ մեծամասնութեամբ, նաեւ Որոնդէսի հովիտի Եագուպիէ եւ Գնիէ գիւղերը, մասամբ նաեւ Լաթաքիոյ մօտիկ Ղնեմիէ եւ Արամո հայ գիւղերը, ուր հայերէն բարբառ մը տակաւին կ՛ապրէր:
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներ կը ստեղծուին եւ կ՛ունենան բարեկարգ դպրոցներ: Հայ առաքելական ծխական վարժարանները մրցունակ չեն աւետարանական եւ կաթողիկէ վարժարաններուն դիմաց: Աւետարանական վարժարանները ամերիկեան Պորտի միսիոնարներու հսկողութեան տակ կրթական փայլուն հաստատութիւններ են. կը դասաւանդեն հայատառ թրքերէն եւ միայն 1890-ականներուն հայերէնի ուսուցումը հոն հունի մէջ կը մտնէ: Լաթաքիոյ մօտիկ հայ գիւղերու նորադաւան բողոքականները նկատուեցան Լաթաքիոյ արաբ երիցական եկեղեցւոյ զաւակ եւ հայերէնին հետ կապ երբեք չունեցան, թէեւ Հայ աւետարանական եկեղեցին անոր համար փրկութեան փորձ մը կատարեց աւելի ուշ եւ ձախողացաւ: Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները կամաց-կամաց իրենց դպրոցական գործերը կը յանձնեն լատին առաքելութիւններու, նախ ֆրանչիսկեան Թերրա Սանթա առաքելութեան, ապա մարիստներու, յիսուսեաններու, ֆրանսացի ֆրէրներու եւ Անարատ Յղութեան հայ քերց միաբանութեան: Ասոնց դպրոցները մեծ մասով բազմազգ էին եւ հայերէնի ուսուցումը երբեք ցանկալի բարձրութեան վրայ չէ եղած, նոյիսկ եթէ միջավայրը լրիւ հայկական եղած է:
Արաբախօս հայ գիւղեր էին Գնիէն եւ Եագուպիէն: 1899-ին կը տեղեկացուի. «Հալէպէն 18 ժամ հեռաւորութեամբ եւ Ճսըր Շուղուրի գայմագամութեան մէջ կը գտնուին Ղընիա եւ Եագուպիյէ գիւղերը, իրարմէ 5-10 վայրկեան հեռու: Մէն մի գիւղ ունի մօտ 150 տուն բնակիչ, զուտ հայ են, կը խօսին արաբերէն, առանց բառ մը իսկ հայերէն հասկնալու» (Օննիկ Մազլումեան, Մոռցուած Անկիւններ՝ Ղընիա Եւ Եագուպիյէ, «Բիւրակն», Կ. Պոլիս, 1899, թիւ 40, էջ 635):
Արաբախօս հայոց միջավայրին մէջ լատին եկեղեցին աւելի առաջ գնաց նորադաւաններուն կապը ամբողջապէս խզելով հայ հաւաքականութեան հետ: 1906-ին ամբողջապէս լատինացաւ Գնիէ գիւղը, հայոց վարժարանը փակուեցաւ, վերջին քահանան վտարուեցաւ գիւղէն եւ հայոց Կիպրիանոս եկեղեցին հիմնովին քանդուեցաւ: Գնիէի հայոց ամբողջական ուծացումին պատճառը արաբախօսութիւնն էր. միւս հայախօս շրջանակներու մէջ լատին համայնքները չկրցան հայերէնը առհասարակ վերացնել կրթական համակարգէն:
Վտանգը մօտ էր նաեւ Եագուպիէին:1906ին, ըստ Բերիոյ Թղթակիցին, գիւղը «ունի 130 տուն բնակիչ, ամբողջ հայ: Ունի երկու եկեղեցի՝ Ս. Թորոս եւ Ս. Աննա, երկուքն ալ քարաշէն: Երկու վարժարան, աշակերտաց թիւը տարւոյն եղանակներուն համեմատ կ’աւելնայ կամ կը պակսի: Ունի տեղացի երկու քահանայ` Տ. Գրիգոր Գրիգորեան, ձեռնադրուած հանգուցեալ Տ. Կիրակոս Փէքմէզճեանէ եւ Տ. Թադէոս Ֆերահեան, ձեռնադրուած հանգուցեալ Սահակ եպիս. Սահակեանէ: Գիւղի լեզուն արաբերէն է, քահանայք իսկ հայերէն չեն հասկնար, այլ բերանացի գոց ըրած են եկեղեցական ասացուածքներ, հազիւ կրնան կարդալ կրօնական մատեանք: Ճաշու գիրքն եւ Աւետարանը արաբերէն լեզուով կը կարդան եւ նոյն լեզուով ծանուցում եւ քարոզ կը տրուի (եթէ տուող ըլլայ): Պաշտօնական խորհուրդներ չկան գրեթէ: Հոս հինգ տունի չափ լատին կան, որոնք վարդապետ մը կը պահեն եւ անցեալ տարի հոյակապ քարաշէն շէնք մը շինեցին, որ ապա իբրեւ եկեղեցի պիտի ծառայէ» (Թղթակից Բերիոյ, Կիլիկեան Մոռցուած Անկիւններ, «Արեւելեան Մամուլ», 1906, թիւ 49, էջ 1201):
Ազգային վարժարաններու միջոցները սահմանափակ էին: Բախտաւոր պարագային կ՛ունենային քահանայ հայր մը, որ կրնար դպրոցը վարել, Հալէպի Ներսէսեանէն շրջանաւարտ մը, Երուսաղէմ կամ Սիս մէկ-երկու տարի յաճախած մէկը: Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները եւ Սսոյ կաթողիկոսարանը չեն յաջողիր շատ բան փոխել: Կ. Պոլսոյ «Տաճար»ը յաճախ կ՛անդրադառնայ Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի հայոց կրթական եւ հոգեւոր խեղճուկ վիճակին: Թղթակիցներ կը բարձրաձայնեն արաբախօսութեան եւ այլադաւանութեան վտանգը:
20-րդ դարու սկիզբին Միացեալ ընկերութիւնը սկսաւ նպաստել գաւառի այս դպրոցներէն ոմանց: Այնթապի, Զմիւռնիայի, Կ. Պոլսոյ ազգային շրջանակներ օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն: Կը ստեղծուին տեղական կրթասիրաց եւ ուսումնասիրաց միութիւններ: Կրթութեան ազգային բովանդակութիւնը եւ հայերէնի ուսուցումը դարձաւ առաջնային նպատակ: 15 Նոյեմբեր 1909-ին, Քեսապի Մայր եկեղեցւոյ մէջ արտասանուած ճառի մը մէջ Ազգային Սահակեան վարժարանի տնօրէն Մանուկ Գույումճեան կ՛ըսէ. «Կիլիկիոյ զանազան վայրերուն մէջ գտնուող օտար կրթական հաստատութիւններ, որոնք այնքան ջերմ ասպնջականութիւն ցոյց կու տան մեր զաւակներուն, որոշ չափով մը պատճառ չե՞ն եղած մեր ազգային նկարագրին խորթացումին: … Հաստատութիւնները օտար, հաստատութեան վարիչները օտար, պաշտօնական լեզուն օտար. միթէ հնա՞ր է հոն դաստիարակուող տղան չօտարանայ իր զգացումներով: Եւ միթէ կ’արժէ՞ քանի մը գիտութիւններու եւ լեզուներու սիրուն համար մոռնալ կամ նոյնիսկ ուրանալ մեր ազգային թանկագին աւանդները, որոնց է՛ն վերի կողմը կը մնայ լեզուն: Կարծես տան ու դպրոցին մէջ դաւադիր դաշնակցութիւն մը կայ, որով մայրը օրօրոցի մօտ, ուսուցիչը գրասեղանին քով` մասնաւոր ջանք մը ունին տղուն ներշնչելու օտար զգացումներ, օտար բարբառներ եւ օտար սովորութիւններ» (Մանուկ Գույումճեան, Ազատ բեմի խօսքեր, Ա. շարք, Կ. Պոլիս, 1912, էջ 32-36):
Հալէպի մէջ, որ նստավայրն էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մեծագոյն թեմին, Ազգային իշխանութիւններ արաբախօսութեան պարբերաբար կ՛անդրադառնան: Յաճախ նիւթ կը դառնայ մանուկներուն անխաթար դաստիարակութիւնը, օտար քաղաքի մէջ՝ անոնց բարոյականին վրայ ամառնային արձակուրդներուն ձգած ժխտական ազդեցութիւնը, նորեկ ընտանիքներուն փոքրիկներուն քով հետզհետէ ծաւալող արաբախօսութիւնը: Հին ընտանիքները՝ անունով, բարքով ու լեզուով արդէն արաբացած էին: Դեռ 1880-ին Կիրակոս Ս. Ղազանճեան ասոր անդրադառնալով՝ կը գրէ. «Նոյնիսկ հին հայոց վարժարանի (իմա՝ Ներսէսեանը, Յ.Չ.) տղայք կը խօսին ընդմիմեանս արաբերէն եւ բնիկ տղայոց անուններն ալ իրենց ծնողաց անունին նման Եուսուֆ, Իպրահիմ, Խելիտ, Ֆէտտալ, Ճրճիս, Ճէվհէր, Եագութ եւլն.» (Կ. Ղազանճեան, Խառն Նամակներ Ուղեւորութեան, Կ. Պոլիս, 1988, էջ 168)): Ուրիշ մը կը գրէ. «Հայերէն լեզուն գաղթական հայոց ոմանց տուները միայն կը խօսուի: Բնիկները կա՛մ բնաւ չգիտեն եւ կա՛մ գիտցող ալ ըլլայ՝ կարեւորութիւն չ’ընծայուիր ազգային կամ մայրենի լեզուին, մինչեւ անգամ քահանայք եկեղեցւոյ մէջ արաբերէն կը խօսին՝ ճիպ բուրվառ, հաթ Մաշտոց ըսելով» (***, «Բերիոյ վիճակը», Արեւելեան Մամուլ, ԺԶ. տարի, 1886, Նոյեմբեր, էջ 500):
Ահաւասիկ այս իրադրութենէն թելադրուած, 1886-ի ամռան, Քաղաքական ժողովի որոշումով բաց կը պահեն երկսեռ դպրոց մը, որպէսզի ամառները դպրոցական փոքրիկներ հոս-հոն չդեգերին ու անյարմար ընթացքներու մէջ չգտնուին: Ամառնային դպրոցին մէջ ծառայել չուզող ուսուցիչները հրաժարուած նկատելու որոշում կը տրուի:
Նախաեղեռնեան շրջանին Սուրիոյ մէջ ազգային, այսինքն՝ առաքելական համայնքի վարժարաններու առաջնային պարտականութիւնն է ապրեցնել հայերէնը, որ կը նշանակէր նաեւ դիմադրել այլադաւանութեան դէմ:
Նկարը՝ Գնիէ եւ Եագուպիէ գիւղերը. կ՛երեւին երկու գիւղերուն լատին հոյաշէն եկեղեցիները: